By Asbarez | Saturday, 30 April 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Փանորամա>>
<<Փան- Արմինիըն>> - Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան՝ պատասխանելով <<Նիուզ>>ի այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կը մեկնաբանէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի փուլային կարգաւորման, ըսած է, որ հայկական կողմերը դէմ չեն փուլային կարգաւորման։ Ան աւելցուցած է, որ այս ծիրին մէջ Ատրպէյճան նախ եւ առաջ պէտք է ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, պէտք է վերադարձնէ իր կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւուած տարածքները եւ բանակցութիւններու սկսի՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ սահմաններու յստակացման շուրջ:
Մինչ այդ, ըստ ԱՊՊԱ գործակալութեան, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով 29 Ապրիլին տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կատարած է շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց կարգին անդրադարձած է Ռուսիոյ կողմէ առաջարկուած փուլային լուծման. <<Ռուսիոյ ներկայացուցած առաջարկը մեզի համար ալ հետաքրքրական է: Մեզի կ՛առաջարկուի տագնապի փուլային լուծում: Անվտանգութեան տեսանկիւնէ կարեւոր է, որ հայկական բանակը քաշուի: Հայկական բանակը պիտի լքէ ատրպէյճանական բռնագրաւուած տարածքները>>, ըսած է ան:
Մամետեարովի համաձայն՝ Ղարաբաղեան տագնապի լուծման մէջ Ռուսիոյ աշխուժութիւնը նման է սառցալերան։ Նախարարը ըսած է, թէ բոլորը կը տեսնեն սառէ լերան գագաթը միայն, սակայն կայ նաեւ ստորին մաս: <<Դեռ կանուխ է մանրամասնութիւններ բացայայտելու: Անոնք քանի մը հետաքրքրական գաղափարներ ներկայացուցած են։ Անոնք բոլորը նորացուած Մատրիտեան սկզբունքներուն հիման վրայ են>>, ըսած է ան։
Նախարարը նաեւ անդրադարձած է 12 Ապրիլին ԵԱՀԿի մէջ Ռուսիոյ ներկայացուցչութեան կողմէ ԵԱՀԿի մէջ Ատրպէյճանի ներկայացուցչութեան յղուած բողոքագիրին: <<1994-1995ին ձեռք բերուեցան զինադադարի համաձայնագիրները։ Երբ Ապրիլին խախտեցաւ զինադադարի դրութիւնը, Ատրպէյճան յայտարարեց, որ Հայաստան հարցականի տակ կը դնէ այդ համաձայնագրերը: Ռուսական կողմն ու համանախագահները մեզի յայտնեցին, որ ամբողջովին կը սատարեն 1994-1995 թուականներուն ձեռք բերուած համաձայնագիրներուն։ Ինչպէս գիտէք, կրակի դադրեցման դրութեան նոր փուլը համաձայնեցուած է Մոսկուային հետ: Մենք եւս կը կարծենք, թէ զինադադարի դրութեան ամրապնդումը կարեւոր հարց է, տագնապը կարելի չէ լուծել ռազմական ճանապարհով: Մենք միշտ կ՛ըսենք, որ կողմ ենք խաղաղ կարգաւորման, բայց պէտք է արդիւնք ըլլայ: Այդ չի նշանակեր, որ մենք 25 տարի եւս պէտք է բանակցինք: Մենք կ՛ըսենք, որ ինչ ճանապարհով ալ լինի, պէտք է յառաջ շարժինք>>, ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ