Շաբաթավերջին Հայկական բանակը ունեցած է չորս կորուստներ

By Asbarez | Tuesday, 03 May 2016

ԵՐԵՒԱՆ - Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ 30 Ապրիլէն 1 Մայիս լուսցող գիշերը ղարաբաղեան–ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկայնքով հակառակորդը շարունակած է տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60, 82 եւ 120 մմ. ականանետերէ ու տարբեր տիպի նռնականետերէ խախտել կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնը:

Հակառակորդին կողմէ զինադադարի պայմանաւորուածութեան խախտման պատճառով, արեւելեան (Մարտունիի) ուղղութեամբ վիրաւորուած եւ մահացած է զինուոր Աշոտ Շաւարշի Զոհրաբեան (ծնեալ 1991ին), իսկ հիւսիսային (Թալիշ) ուղղութեամբ մահացու հարուած ստացած են Գարիկ Մնացականի Մովսիսեան (ծնեալ 1997ին) եւ Վազգէն Հենրիկի Յարութիւնեան (1968):

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, կիսելով զոհուած զինուորներուն մահուան վիշտը՝ յայտարարած է, որ հակառակորդին գործողութիւնները անպատասխան պիտի չմնան։

Զոհուածներու փաղանգին միացած է նաեւ այլ զինուոր մը՝ 20ամեայ Սարգիս Գասպարեան, որ Երկուշաբթի վիրաւորուած էր ու փոխադրուած Ստեփանակերտի կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց։ Շուշիի ծնունդ Ս. Գասպարեան 29 Ապրիլին շփման գիծին վրայ վիրաւորուած էր ոտքի եւ որովայնի շրջանէն, երբ կ՛օգնէր իր վիրաւոր ընկերը դիրքեր հասնելու։

Միւս կողմէ կը շարունակուի զոհուած ընտանիքներուն նկատմամբ ցուցաբերուած յատուկ ուշադրութիւնն ու օժանդակութիւնը։ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան 2 Մայիսին տեղի ունեցած աշխատանքային հերթական խորհրդակցութեան ընթացքին անդրադարձած է Ապրիլի սկիզբը սահմանագիծին վրայ զոհուած, վիրաւոր եւ հաշմանդամ դարձած երեւանաբնակ զինուորներուն ընտանիքներուն աջակցութեան ցուցաբերելու առնչութեամբ աւելի կանուխ իր կողմէ տրուած յանձնարարականներու ամփոփման:

<<Խիստ կարեւոր էր այս հարցում հասցէական մօտեցումը, համաձայն որի եւս կայացրել եմ իմ որոշումը: Ըստ այդմ, երեւանաբնակ զոհուած զինծառայողների ընտանիքներից իւրաքանչիւրին կը ցուցաբերուի 1.5 միլիոն դրամի ֆինանսական աջակցութիւն, հաշմանդամութիւն ձեռքբերած երեւանաբնակ զինծառայողներին՝ 1 միլիոն դրամ, իսկ վիրաւորների ընտանիքներին՝ 500 հազարական դրամի ֆինանսական աջակցութիւն: Վստահ եմ՝ կը համաձայնէք, որ սա այն նուազագոյնն է, որ մենք պէտք է անենք մեր զինուորների ու նրանց ընտանիքների համար>>, նշած է Տարօն Մարգարեան:

Նաեւ կ՛ամփոփուին զոհուած երեւանաբնակ զինուորներուն վարձքով ապրող, բնակարանի կարիք ունեցող ընտանիքներու  վիճակի ուսումնասիրման արդիւնքները: Յառաջիկայ օրերուն պիտի յստականայ ցանկը եւ պիտի պատրաստուին աւագանիի համապատասխան որոշումներու նախագիծեր, որոնք պիտի սերտուին եւ նշեալ ընտանիքները բնակարան պիտի ունենան։

Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Վահէ Նիկոյեան զեկուցած է, որ քաղաքապետարանին եւ վարչական շրջաններու աշխատակազմերուն անունով Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան յատուկ դրամատնային հաշիւին փոխանցուած է 20 միլիոն դրամ: Հանրակրթութեան վարչութեան պետը զեկուցած է, որ համապատասխան աշխատանքներ կը տարուին սահմանին վրայ զոհուած երեւանաբնակ զինուորներուն յաճախած դպրոցներու ցանկը յստակացնելու ուղղութեամբ, որպէսզի դպրոցներուն մէջ յատուկ յուշանկիւններ հաստատուին։

 


comments