Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչում Սուրբ Ղազարի մէջ

By Asbarez | Tuesday, 03 May 2016

0000SURO-GHAZAR

Կիրակի, Ապրիլ 24ին, Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 101ամեակի յիշատակում:

Հայ եւ օտարազգի հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ հանդիսաւոր պատարագ մատուցուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան ընդհանուր աբբահայր Եղիա Ծ. վրդ. Քիլաղպեանի կողմէ:

Աբբահայրը իր քարոզին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը այս նուիրական թուականին, մանաւանդ յիշատակումը մեր բիւրաւոր մարտիրոսներուն, որոնք իրենց արիւնով մեզի կտակեցին քրիստոնէական հաւատքն ու մեր ազգային արժէքները, ինչպէս նաեւ հայրենի հողերուն կառչած մնալու սրբազան աւանդը:

Այս առիթով պատարագի աւարտին, գորգագործ Մեգերեան ընտանիքին կողմէ Մխիթարեան միաբանութեան նուէր յանձնուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած հայկական ձեռագործ նրբահիւս գորգ մը՝ ի յիշատակ իրենց ծնողներուն:

Արարողութեան ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան Հռոմի Ս. Աթոռին մօտ դեսպան Միքայէլ Մինասեան, որ իտալերէնով խօսք առնելով՝ յիշեցուց կարեւորութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով Ս. Պետրոս տաճարին մէջ մատուցուած պատարագին՝ Հռոմի քահանայապետ Ֆրանսիս պապին կողմէ, որուն ընթացքին Ս. Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց որպէս Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ:

Այս առիթով, Մայրավանքի քարայատակին մէջ բացումը տեղի ունեցաւ <<Ժողովուրդի մը տառապանքէն անդին. Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութեան ուղիներով>> լուսանկարներու ցուցահանդէսին: Վահան Ծ. վրդ. Օհանեան՝ գլխաւոր հեղինակն ու կազմակերպողը, համառօտ ներկայացուց երկար ամիսներու աշխատանքին արդիւնքը, ցուցահանդէսին իմաստը եւ փոխանցուող պատգամը:

Մօտաւորապէս հարիւրի չափ պաստառներ ժամանակագրական հերթականութեամբ՝ կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդի առօրեան, օսմանեան կայսրութեան մէջ համիտեան ջարդերը, սահմանադրութեան հռչակումը, Ատանայի կոտորածը, ջարդի հեղինակները, գլխաւոր հայ մտաւորականներու եւ իրենց ընտանիքներու լուսանկարները, Մխիթարեան նահատակ հայրեր, զանգուածային տեղահանութեան տպաւորիչ տեսարաններ, սպանդի ահարկու պատկերներ, օտար հեղինակաւոր դեսպաններու, մտաւորականներու եւ ականատեսներու վկայութիւններ, տարբեր որբանոցներու եւ որբերու խմբանկարներ, որբահաւաքի դերակատարներ, հարեմի զոհ կիներ, կործանած եկեղեցիներ, վանական համալիրներ ու առյաւէտ կորած պատմամշակութային գանձեր, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կանգնած Ցեղասպանութեան յուշարձաններ, հայ որբերու ի նպաստ դրամահաւաքի անգլիատառ կոչեր, Ցեղասպանութիւնը հայ արուեստագէտներու աչքերով իւղանկարներ ու քանդակներ:

 



comments