By Asbarez | Tuesday, 03 May 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>>.- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան մեկնաբանած է Մայիս 2ին, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան պատգամաւորներուն կողմէ խորհրդարանին մէջ իրեն դէմ կատարուած յարձակումը:
Թրքական <> կայանին համաձայն՝ Փայլան նշած է, որ յարձակումը նախապէս ծրագրուած եղած է, եւ պատգամաւորներէն ոմանք նոյնիսկ իրար տեղեկացուցած են՝ կանչելով. <<Կարօն հոս է, Կարօն հոս է>>։
Հայ պատգամաւորը ըսած է, որ 10-15 հոգիի կողմէ ծրագրուած էր այս յարձակումը, որուն դրդապատճառն այն է, որ ինք հայ է ու հանդէս կու գայ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ի նպաստ։
<<Կրնաք ստուգել յանձնաժողովին արձանագրութիւնները: Արդարադատութեան նախարարը յայտարարեց, թէ յանձնաժողովի նախորդ նիստին ատեն, (քրտամէտ) Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան պատգամաւորները բռնութեան դիմած են, իսկ ես ըսի՝ <<Ո՛չ, բռնութիւն չե՛ն կիրառած>>: Ես միայն այդ նախադասութիւնը արտաբերեցի եւ անկէ ետք սկսաւ յարձակումը>>, պատմած է Փայլան՝ աւելցնելով. <<Ես ուղղակի թիրախի վերածուեցայ եւ 20-30 երկվայրկեանի ընթացքին շուրջ 100 բռունցքի ու ոտքի հարուած ստացայ: Այնուհետեւ, իմ հասցէին ուղղուած ազգայնամոլ յայտարարութիւններ եւ ատելութեան արտայայտութիւններ հնչեցին>>:
Փայլան նշած է, որ չի պատրաստուիր կատարուածին համար հետաքննութիւն պահանջելու, քանի որ այդ ժամանակ հարցը պիտի քննէ նոյնինքն այդ յանձնաժողովը, որմէ դրական արդիւնք կարելի չէ ակնկալել: Ան ըսած է, թէ կատարուածը կը ձգէ հասարակութեան խիղճին:
<<Անոնք չեն կրնար հանդուրժել այն, որ հայ ինքնութեամբ մէկը իրենց սուտերը բացայայտէ ու չընկրկի: Անոնք կ՛ուզեն իրենց դիմաց տեսնել ենթարկուող հայը: Իբրեւ իրաւունքներու համար պայքարող հայ՝ ես ուղղակիօրէն թիրախ դարձայ եւ յարձակումի ենթարկուեցայ>>, եզրակացուցած է հայ պատգամաւորը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ