By Asbarez | Wednesday, 04 May 2016
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Մայիս 2ին, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, սահմանադրութեան անձեռնմխելիութեան օրէնքի վերափոխման յանձնախումբի ժողովին ընթացքին դարձեալ պարզուեցաւ ծեծկըտուքի խայտառակ տեսարան մը, երբ քրտամէտ եւ իշխանամէտ կուսակցութեանց երեսփոխաններուն միջեւ ծագեցաւ բռունցքներով ու աքացիներով ծանր կռիւ, եւ բազմաթիւ երեսփոխաններ վիրաւորուեցան ու հիւանդանոց փոխադրուեցան։ Պարզուած տեսարանը ահաւոր էր։ Երեսփոխաններ սեղաններու վրայ կ՛ելլէին ու կը նետուէին կռուողներուն վրայ, իսկ ոմանք ջուրի շիշեր կը նետէին դիմացիններու գլխուն, հոս-հոն կ՛արձակուէին թուղթեր, թղթածրարներ, աթոռներ ու զանազան իրեղէն։ Սրահը շուտով անգործածելի վիճակ ստացաւ։ Քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխանները նիստը ձգեցին ու, ըստ կարգ մը թերթերու ամբաստանութեան՝ սրահէն դուրս ելան Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ի նպաստ լօզունգներ պոռալով։
Հակառակ անոր որ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները ուզեցին, որ նիստը յետաձգուի քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխաններու մեկնումէն ետք, նիստը շարունակուեցաւ իշխանամէտ երեսփոխաններուն պնդումով ու անձեռնմխելիութեան օրէնքը միաձայնութեամբ վաւերացուեցաւ։
Օրէնքը, որ կը դիւրացնէ քրէական թղթածրար ունեցող երեսփոխաններուն անձեռնմխելիութեան ջնջումը, իբրեւ գլխաւոր թիրախ ունի քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխանները։
Նշենք, որ այս ժամանակաւոր յանձնախումբին անցեալ նիստին ընթացքին եւս ծանր կռիւ մը ծագած էր, սակայն այս անգամուանը շա՛տ աւելի լուրջ էր։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ