Պատերազմի ընթացքին որեւէ յաջողութիւն չարձանագրած Ալիեւը չի կրնար 97 տոկոսի վարկանիշ ունենալ. <<Մուսաւաթ>>ի կուսակցապետ

By Asbarez | Wednesday, 04 May 2016

0503aliyev

ԵՐԵՒԱՆ - Ատրպէյճանական իշխանամէտ <<Ռէյ>> (կարծիք) հասարակական հարցախոյզի կեդրոնը, <<Եթէ յառաջիկայ Կիրակի Ատրպէյճանի մէջ նախագահական ընտրութիւններ կատարուէին, որո՞ւն կ՛ընտրէիք>> հարցումով դիմած էր 800 անձերու: Հարցախոյզի արդիւնքներուն համաձայն՝ մասնակիցներուն 92.8 առ հարիւրը յայտնած է, թէ պիտի քուէարկէ Իլհամ Ալիեւին, իսկ 97 տոկոսը անոր նկատմամբ վստահութիւն յայտնած է:

<<Արմէնփրէս>> կը հաղորդէ, որ այդ առնչութեամբ <<Մէյտան Թի.Վի.>>ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի <<Մուսաւաթ>> կուսակցութեան ղեկավար Արիֆ Հաճըլը յայտնած է, որ այդ հարցախոյզին կարելի չէ լրջութեամբ մօտենալ՝ աւելցնելով, որ պատերազմի ընթացքին որեւէ յաջողութիւն չարձանագրած Ալիեւը չի կրնար 97 առ հարիւրի վարկանիշ ստանալ: <<Ընդհանրապէս անկարելի՛ է, որ ոեւէ ղեկավարի քաղաքական վարկանիշը, այդ ալ՝ քաղաքական-զինուորական նման պայմաններու մէջ, ըլլայ 97 առ հարիւր>>, ըսած է ան:

Հաճըլը նշած է նաեւ, որ բնական ժողովրդավարական հասարակութիւններուն մէջ ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միջեւ վարկանիշի տարբերութիւնը չի գերազանցեր 10 առ հարիւրի սահմանը: <<Ցաւալի է, որ հարցախոյզի այս կեդրոնը Ատրպէյճանի հասարակութեան այդպիսի արդիւնք մը կը վերագրէ>>, աւելցուցած է ան:

Ատրպէյճանի Ժողովրդական ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Ալի Քերիմլիի մեկնաբանութիւնը այս առթիւ եղած է շատ կարճ: <<Այդպիսի հարցախոյզներ, ընդհանրապէս, պէտք չէ լուրջ նկատել: Անոնք կառավարութեան քարոզչութեան համար ուռճացուած արդիւնքներով հարցախոյզներ են>>, ըսած է ան:

Ատրպէյճանցի քաղաքական վերլուծաբան Հիքմեթ Հաճիզատէ իր կարգին յայտարարած է, որ հարցախոյզներ կատարող կեդրոններուն օգտագործած սովորական գործելաոճը Ատրպէյճանի մէջ կիրարկելի չէ՛: <<Բնակչութիւնը շարունակաբար վախի եւ ճնշումի տակ գտնուելուն պատճառով, չի կրնար ազատ կերպով արտայայտել իր կամքը>>, ըսած է ան:

 

 

 


comments