Սէյրան Օհանեան ընդունած է Իրանի դեսպանը

By Asbarez | Thursday, 05 May 2016

 

0505seyran-iran

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 4 Մայիսին ընդունած է Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Սէյիտ Քազեմ Սաճատին:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են երկկողմանի համագործակցութեան ու տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:

Նախարար Օհանեան դեսպանին տեղեկացուցած է հայ–իրանեան պաշտպանական համագործակցութեան շուրջ Մոսկուայի մէջ իր պաշտօնակիցին հետ հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն մասին՝ համոզում յայտնելով այն մասին, որ յառաջիկային անոնք կեանքի կը կոչուին։

Դեսպանին խնդրանքով Սէյրան Օհանեան ներկայացուցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, վերջին օրերուն հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուող յարձակումները եւ նոր ռազմական գործողութիւններ հրահրող քայլերը: Դեսպան Սաճատի իր մտահոգութիւնները յայտնած է ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ եւ պատրաստակամութիւն յայտնած բոլոր ջանքերը գործադրելու՝ խաղաղութիւն ու կայունութիւն պահպանելու ուղղութեամբ: Ի շարս այլ ոլորտներու, Իրանի դեսպանը կարեւոր նկատած է նաեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացումը:

 

comments