By Asbarez | Thursday, 05 May 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան <<Ազատութեան>> տուած յատուկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, թէ ունի այն համոզումը, որ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումներու շարքը պիտի շարունակուի յառաջիկային։ <<Արցախի միջազգային ճանաչումը շատ կարեւոր եմ համարում նաեւ այն առումով, որ դա կարող է դրական ազդեցութիւն ունենալ նաեւ բանակցային գործընթացի վրայ: Դա թոյլ կը տայ ապահովել բանակցային գործընթացի անդառնալիութիւնը, նաեւ թոյլ կը տայ բանակցող կողմերին, հակամարտող կողմերին կենտրոնանալ բուն, ռէալ խնդիրների վրայ, այն է՝ թէ ինչպէս ապահովել խաղաղ գոյակցութեան պայմաններ երկու անկախ պետութիւնների համար, որոնք ձեւաւորուել են այս տարածաշրջանում Խորհրդային Միութեան փլուզումից, դրան հետեւած պատերազմից յետոյ>>, ըսած է ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կա՞յ այն ակնկալութիւնը, որ Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցուի նաեւ միջազգային իրաւունքի ենթակայ հանդիսացող պետութիւններուն կողմէ՝ Միրզոյեան ըսած է. <<Ես համոզուած եմ, որ վաղ թէ ուշ այդ պահը գալու է: Մենք աշխատում ենք այդ ուղղութեամբ, եւ որքան կայացած լինի մեր պետութիւնը, որքան մենք կարողանանք զարգացնել այն, այդքան աւելի մօտ ենք լինելու այդ նպատակին>>:
Լրագրողը հարցուցած է, թէ Ղարաբաղի դիրքորոշումը ի՛նչ է Հայաստանի կառավարութեան նիստի օրակարգին վրայ դրուած Լեռնային Ղարաբաղը ճանչնալու նախագիծին նկատմամբ. Կարէն Միրզոյեան նշած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղ այն կարծիքին է, որ այդ մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ օրէնսդիրներուն որոշելիքն է:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հայաստանեան վերջին այցելութենէն առաջ եւ ետք ռուսական մամուլը հանդէս եկաւ բազմաթիւ հրապարակումներով, թէ ան Երեւան եկած է յստակ առաջարկներով, որոնց էութիւնը հետեւեալն է՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար անհրաժեշտ է, որ Ատրպէյճանին վերադարձուին առնուազն հինգ շրջաններ, վերադառնան գաղթականները, տեղակայուին խաղաղապահներ, ապա՝ անորոշ ժամանակ անց, պիտի կայանայ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը որոշող հանրաքուէն:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ ասիկա արդեօք կը համապատասխանէ՞ իրականութեան, եւ նման բանի մը նկատմամբ ի՞նչ է Լեռնային Ղարաբաղի դիրքորոշումը՝ Միրզոյեան ըսած է. <<Ես տեղեակ եմ նախարար Լաւրովի յայտարարութիւններին, որ ինքն արեց իր այցի աւարտին: Կարծում եմ, նախարար Լաւրովի յայտարարութիւնները եւ նախօրէին տարբեր տեղերում հնչած յայտարարութիւնները, թերթերում եղած հրապարակումները բաւականին տարբեր էին: Ի հարկէ, հասկանալի է Ռուսաստանի շահագրգռուածութիւնը, ես կարծում եմ, նոյնիսկ կարող ենք ասել՝ ողջունելի է, ինչպէս նաեւ ողջունելի միւս միջնորդների՝ Միացեալ Նահանգների, Ֆրանսիայի, ջանքերը՝ փորձելու, այսպէս ասած, խելքի բերել Ադրբեջանը, փորձելու կանգնեցնել Ադրբեջանի այդ աւանտիւրայի յետագայ զարգացումը>>:
Լրագրողը ուզած է, գիտնալ, թէ արդեօք կա՞ն առաջարկներ, որոնց մասին կը խօսին ատրպէյճանցի պաշտօնատարներ կամ կը գրեն լրատուամիջոցները՝ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարը ըսած է. <<Ես արդէն առիթ եմ ունեցել մեր Ազգային ժողովում, պատասխանելով պատգամաւորների հարցերին, ուղղակի կոչ եմ արել առաջնորդուել ոչ թէ այս կամ այն թերթային հրապարակումներով, որոնք շատ յաճախ տեղաւորւում են քարոզչական պատերազմի շրջանակներում եւ նպատակ են հետապնդում ոչ միայն ապակողմնորոշել, այլ ուղղակի կամազուրկ անել տուեալ հասարակութիւնը, որին այն ուղղուած է, այլ առաջնորդուել պաշտօնական յայտարարութիւններով, եւ նախ եւ առաջ՝ հայրենեաց իշխանութեան պաշտօնական յայտարարութիւններով>>:
Ըստ Կարէն Միրզոյեանի՝ ներկայիս բանակցութիւններ չկան, եւ կարելի չէ որեւէ բանակցութիւն վարել նկատի առնելով Ատրպէյճանի քայլերը, որոնց նպատակը տագնապի խաղաղ լուծումը բացառելն է:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ