Տաւութօղլու պիտի հեռանայ վարչապետի պաշտօէն

By Asbarez | Friday, 06 May 2016

ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Հաստատելով վերջին քանի մը օրերուն տարածուած տարաձայնութիւնները, թէ Թուրքիոյ նախագահին եւ վարչապետին միջեւ լուրջ տարակարծութիւններ ծագած են, վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու իշխող կուսակցութեան գործադիր մարմինի Մայիս 5ին կայացած նիստէն ետք պաշ տօնապէս յայտարարեց, թէ գալիք Մայիս 22ին կայանալիք կուսակցութեան արտակարգ համագումարին ընթացքին իր թեկնածութիւնը պիտի չդնէ կուսակցութեան նախագահի պաշտօնին համար:

Նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ մէջ վարչապետի պաշտօնը կը վարէ իշխող կուսակցութեան ղեկավարը, հետեւաբար Տաւութօղլուի այս որոշումը համազօր է վարչապետի պաշտօնէն հրաժարելու քայլին:

Մինչ վարչապետը ըսած է, թէ <<այս որոշումը իմ պատճառով չէ՛, այլ ի յայտ եկած անհրաժեշտութեան հետեւանք է>>, նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան պնդած է, թէ անիկա <<իր (Տաւութօղլուին) անձնական որոշումն էր>>:

Հրաժարականին մասին շշուկները սկսան շրջելու, երբ կուսակցութեան գործադիր մարմինը ջնջեց Տաւութօղլուի կարգ մը լիազօրութիւնները։ Այդ քայլերը մաս կը կազմեն նախագահին դիրքը հզօրացնելու Էրտողանի ջանքերուն։

Տաւութօղլու, սակայն, պիտի պահէ իր խորհրդարանական աթոռը։

Գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու <<Պալատական յեղաշրջում>> որակեց Տաւութօղլուի հրաժարականը։

 

 

 


comments