By Asbarez | Saturday, 07 May 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի նախագահ Սերժ Սար-գսեան 6 Մայիսին ընդունած է Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալան: Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ Մա-րիօ Նալբանդեանը եւ համաշխարհային այդ կառոյցի անդամ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեանը:
Նախագահ Սարգսեանն ու Լուիս Այալան ջերմութեամբ յիշած են, թէ շուրջ մէկ տարի առաջ Երեւանի մէջ կայացած իրենց նախորդ հանդիպումին բաց եւ անկեղծ զրոյց կայացած էր երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը նիւթերու շուրջ։
Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատած է Ընկերվար միջազգայնականի գործունէութիւնը՝ դիտել տալով, որ անիկա աշխարհով մէջ կը միաւորէ ընկերվարական եւ ընկերվար-ժողովրդավարական գաղափարներ դաւանող քաղաքական ուժերը, եւ որուն հռչակած արժէքներն ու քաղաքական նպատակները՝ ա-զատութիւն, արդարութիւն, համերաշխութիւն, Սերժ Սարգսեանի համաձայն, շատ արդիական են, եւ ցաւօք, ներկայիս աշխարհի մէջ անոնց պակասը կը զգացուի։
Լուիս Այալա իր գլխաւորած կազմակերպութեան անունով մտահոգութիւն յայտնած է այս Ապրիլի սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շփման գիծին մէջ զինադադարի խախտման իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ: Ան ուզած է գիտնալ նախագահ Սարգսեանի տեսակէտները իրա-վիճակի լարուածութեան առնչութեամբ՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով կազմակերպութեան կարելիութեան համաձայն նպաստելու երկխօսութեան, յարաբերութիւններու հաստատման ճամբով հիմնախնդիրի խաղաղ ճանապարհով լուծման: Լուիս Այալա ներկայացուցած է այդ նպատակին ծառայող իրենց յառաջիկայ ծրագիրները՝ համակարծիք ըլլալով Հայաստանի նախագահին հետ, որ որքան բաց ու անկեղծ ըլլան հանդիպումներն ու քննարկումները եւ յստակ՝ արտայայտուող դիրքորոշումները, այնքան օգտակար պիտի ըլլան գործին:
Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղարը գոհունակութեամբ խօսած է կազմակերպութեան անդամ ՀՅԴի միջոցով Հայաստանի հետ համագործակցութեան մասին, որ, ըստ անոր, տարուէ տարի կ՛ամրապնդուի։
Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է Հայաստանի համար կարեւորագոյն հարցերու մէջ միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ եւ կառոյցի անդամ կուսակցութիւններու երկիրներուն մէջ Ընկերվար միջազգայնականի միշտ կառուցողական դիրքորոշումը:
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանի իրավիճակին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ