Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին Ատրպէյճան 800 կորուստ ունեցած է

By Asbarez | Saturday, 07 May 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ Ապրիլի սկիզբը սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին Ատրպէյճանի կորուստները մինչեւ վերջերս կը նկատուէին շուրջ 180–200, որոնց մէջ՝ 30 յատուկ ջոկատայիններ, երկու ուղղաթիռ, երեք հրասայլ եւ երկու անօդաչու թռչող սարք: Սակայն OSTKRAFT վերլուծական կեդրոնի աղբիւրներուն կողմէ ներկայացուած տուեալներով՝ Ատրպէյճանի իրական կորուստը կազմած է գրեթէ 800 հոգի:

Ըստ <<Արմէնփրէս>>ի՝ OST-KRAFT–ը համոզում յայտնած է այն մասին, որ այդ կորուստներուն քանակն ու տարողութիւնն է, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան պարտադրած է կասեցնել յարձակումները եւ վերադառնալ բանակցութիւններու սեղան:

<<Նկատի առնելով այդ տուեալները, ուրեմն լիովին անհիմն է Ռուսիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլողլիի այն յայտարարութիւնը, թէ <<Պաքուն պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծել ռազմական ուղիով>>, քանի որ այդ ընելու համար Ատրպէյճան ո՛չ ուժ, ոչ ալ միջոցներ ունի>>, նշած է վերլուծական կեդրոնը։

 

comments