By Asbarez | Tuesday, 10 May 2016
ԱՆԳԱՐԱ, <<Ճազիրա>> - Թուրքիոյ կառավարութիւնը Մայիս 9ին հաստատեց, թէ երկրի զինուորական ուժերէն յատուկ ջոկատներ Մայիս7-8ի գիշերը ներխուժած են Սուրիոյ տարածքը, <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ գործողութիւն մը իրականացնելու համար:
Գործողութեան դրդապատճառը եղած է այն իրողութիւնը, որ յատկապէս վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին, գրեթէ առօրեայ բնոյթ ստացած է Սուրիոյ սահմանակից Քիլիսի ռմբակոծումը:
Յատուկ ջոկատի զինուորները Մայիս 8ի առաւօտեան վերադարձած են Թուրքիա, իսկ անկէ անմիջապէս ետք, թրքական օդուժը՝ դաշնակից ուժերու հետ համագործակցաբար, ռմբակոծած է հիւսիսային Սուրիա գտնուող <<Իսլամական պետութեան>> այլ դիրք մը՝ սպաննելով 55 զինեալներ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ