By Asbarez | Tuesday, 10 May 2016
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Մայիս 6ը վճիռի օրն էր այն դատավարութեան, որ կ՛ընթանար <<Ճումհուրիյէթ>>ի աւագ խմբագիր, յայտնի լրագրող ու հրապարակագիր Ճան Տիւնտարի եւ նոյն թերթի Անգարայի ներկայացուցիչ Էրտեմ Կիւլի դէմ։
Տիւնտար եւ Կիւլ մեղադրուած էին Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան՝ ՄԻԹի կողմէ, Սուրիա ուղարկուած <<մարդասիրական օգնութեան>> բեռնատարներուն առնչութեամբ լրատուութիւն կատարելու <<յանցանք>>ով։ Այդ լրատուութեան շնորհիւ բացայայտուած էր, թէ նշեալ բեռնատարներով ո՛չ թէ մարդասիրական օգնութիւն, այլ զէնք ու զինամթերք կը փոխադրուէր Սուրիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր զինեալներուն։
Դէպքը պատահած էր 2015ի Յունուարին, իսկ նոյն տարուան Մայիսին, <<Ճումհուրիյէ>>չը լուսանկարներով ու հետաքննութեան մասին թղթածրարներ հրատարակելով փաստած էր, որ իսկապէ՛ս զէնք կը տեղափոխուէր դէպի Սուրիա։
Հետեւաբար, Տիւնտարի ու Կիւլի դէմ հետաքննութիւն բացուեցաւ, ու երկու լրագրողները անցեալ Նոյեմբերին ձերբակալուեցան՝ պետական դաւաճանութեան մեղադրանքով։ Մօտաւորապէս եռամսեայ բանտարկութենէ ետք, Սահմանադրական ատեանին որոշումով լրագրողները ազատ արձակուեցան բանտէն, քանի որ անոնց դէմ յստակ մեղադրական մը չէր պատրաստուած, եւ անոնց մարդկային իրաւունքները ոտնահարուած էին։ Այսպէս, ըստ վճիռին՝ որոշուած էր, որ Տիւնտարի ու Կիւլի դէմ դատավարութեան գնացքը շարունակել անոնց ազատութեան պայմաններուն մէջ։
Սահմանադրական ատեանի վճռին դէմ, սակայն, շատ ծանր քննադատութիւններով բողոքեց նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան՝ պնդելով, որ լրագրողները ձերբակալուած էին <<լրտեսութեան>> յանցանքով։
Դատավարութեան նիստերը շարունակուեցան, իսկ վճիռին օրը՝ Մայիս 6ին, դատարանի շէնքին առջեւ, այն պահերուն, երբ դատական նիստը ընդմիջուած էր, իսկ Տիւնտար իր կնոջ ու քանի մը լրագրողներու հետ միասին դատարանի շէնքին առջեւ կանգնած կը սպասէր նիստի սկսելուն, ան զինեալ յարձակումի ենթարկուեցաւ Մուրատ Շահին անունով անձի մը կողմէ։ Այս անձը մօտեցաւ Տիւնտարին ու ատրճանակը հանելով՝ սկսաւ կրակելու անոր ոտքերուն վրայ։ Բարեբախտաբար, փամփուշտները չդպան Տիւնտարին, սակայն <<Էն.Թի.Վի.>> կայանի թղթակիցը վիրաւորուեցաւ ոտքէն։
Ոստիկաններն ու Տիւնտարի կինը անմիջապէս բռնեցին զինեալ յանցագործը ու կրցան վնասազերծել զայն։ Մուրատ Շահին տարուեցաւ ոստիկանութիւն ու հսկողութեան տակ առնուեցաւ։ Աւելի ուշ ձերբակալուեցան երկու այլ կասկածելիներ։
Ճան Տիւնտար զինեալ յարձակման առաջին վայրկեաններու ցնցումը թօթափելէ եւ դատական նիստին քանի մը ժամուան ընդմիջումէն ետք, Կիւլի հետ միասին դարձեալ դատարան գնաց՝ վճիռը լսելու համար։ Դատաւորները միաձայնութեամբ արձակեցին վճիռը, ըստ որուն՝ Տիւնտար կը դատապարտուի 5 տարուան եւ 10 ամսուան, իսկ Կիւլ՝ 5 տարուան բանտարկութեան։ Երկուքն ալ անպարտ հռչակուած են պետական դաւաճանութեան ու լրտեսութեան մեղադրանքներէն, բայց բանտարկութեան կը դատապարտուին՝ <<պետութեան ապահովութեան եւ ներքին ու արտաքին շահերու տեսանկիւնէն՝ գաղտնի պահուելու կոչուած տեղեկութիւններ ձեռք բերելու եւ հրապարակելու>> յանցանքով։
Ճան Տիւնտար, մեկնաբանելով արձակուած վճիռը՝ յայտարարեց, թէ ինք երկու ժամուան ընթացքին երկու մահափորձի ենթարկուեցաւ. մէկը՝ զինեալ մահափորձ, իսկ երկրորդը՝ իրաւական մահափորձ, որովհետեւ լրատուական մեղք գործելու յանցանքով բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։
<<Այս պատիժը միայն մեզ մաշեցնելու, մեզ լռեցնելու համար չէ՛, որ արձակուեցաւ։ Արձակուած փամփուշտները մեզ լռեցնելու, մեզ մաշեցնելու, մեր թերթը չկարենալ հրատարակելու համար չե՛ն։ Ուղղուած են նաեւ մեր ու ձեր բոլորի՛ն դէմ։ Դատական վճիռը իրաւական մահափորձ է։ Մենք սկիզբէն իսկ յայտարարեցինք, թէ մենք լրագրողական մեր պարտականութիւնը կատարեցինք։ Սահմանադրական ատեանն ալ վճիռ արձակելով հրապարակեց, թէ կատարուածը լրագրութի՛ւն է, խօսքի ազատութեան պայմաններու մէջ լրատուութի՛ւն է։ Իսկ հիմա եղեռնադատ ատեանը Սահմանադրական ատեանին վճիռը ձեռքի հարուածով անդին շպրտելով՝ հրապարակեց յանցանք գործած ըլլալու մասին վճիռ մը>>, յայտարարեց Տիւնտար։
Տիւնտար ու Կիւլ ազատ պիտի մնան, մինչեւ որ Վճռաբեկ ատեանը արձակէ իր վճիռը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ