<<Հայաստան Ռուսիայէն կը ստանայ ամէնէն արդիական սպառազինութիւնը>> Դեսպան Վոլինիք

By Asbarez | Tuesday, 10 May 2016

 

0510volinkin

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Իվան Վոլինիք <<Ազատութեան>> հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադառնալով այն դիտրակման, թէ քառօրեայ պատերազմի օրերուն եւ անկէ ետք Հայաստանի մէջ շատեր համոզուեցան, որ դաշնակից Ռուսիան պարզապէս չէզոք դիրք որդեգրեց, ըսած է. <<Հայաստան իսկապէս կը հանդիսանայ Ռուսիոյ ռազմավարական դաշնակիցը, եւ մենք կ՛ընենք մեր կարելին, որպէսզի այս դաշնակցային յարաբերութիւնները պահպանուին: Ինչ կը վերաբերի սպառազինութեան մատակարարումներուն, վստահ եմ, որ Հայաստան կը ստանայ սպառազինութիւն, ամէնէն արդիական սպառազինութիւն՝ իր անկախութեան, ինքնիշխանութեան պաշտպանութեան համար: Պիտի շարունակենք գործել նոյն դաշնակցային յարաբերութիւններու ծիրին մէջ>>։

Հայաստանն ու Ռուսիան նախորդ Յունիսին ստորագրեցին 200 միլիոն տոլար կազմող վարկային համաձայնագիր, որուն ծիրին մէջ Մոսկուան պէտք է սպառազինութիւն մատակարարէր Հայաստանին: Շուտով կ՛ամբողջանայ փաստաթուղթի կնքման մէկ տարին, սակայն հայկական կողմը տակաւին կը խօսի սպառազինութիւն ստանալու շուրջ տարուող աշխատանքներու մասին:

Նախորդ ամիս Երեւանի մէջ ընդունելով Ռուսիոյ վարչապետ Մետվետեւը՝ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան անդրադարձաւ գործընթացի դանդաղեցման՝ խնդրելով արագացնել համաձայնագիրի գործադրութիւնը։

<<Ռուսիան ու Հայաստանը, իրօք, ստորագրած են 200 միլիոն տոլար կազմող սպառազինութեան մատակարարման պայմանագիր: Բայց պէտք է գիտակցիլ, որ իւրաքանչիւր երկրի մէջ կան դիւանակալական մեքանիզմներ, որոնք կարելիութիւն չեն տար մէկ ժամէն լուծել բոլոր հարցերը։ Պէտք է համաձայնեցնել սպառազինութեան ցուցակը, մատակարարման պայմանները: Գիտցածս հետեւեալն է՝ այդ համաձայնագիրի գործարքներուն մեծ մասը արդէն իսկ կնքուած է: Իսկ մատակարարումները, բնականաբար, պիտի սկսին փոխադարձաբար ընդունելի ժամակէտներու ընթացքին: Զէնքը այնպիսի բան չէ, որ ուղղակի վերցնես տեղէ մը եւ այլ տեղ փոխադրես: Զայն պէտք է պատրաստել, եւ ատիկա որոշ ժամանակ կը պահանջէ>>, ըսած է դեսպանը։

Նախորդ տարիներուն Ռուսիան դարձաւ Ատրպէյճանին սպառազինութիւն մատակարարող թիւ մէկ երկիրը: Միջազգային խաղաղութեան ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին տուեալներով, 2011-2015ին՝ 2006-2010ին հետ բաղդատելով, Ատրպէյճան եօթը անգամ աւելցուցած է սպառազինութեան ներածումը Ռուսիայէն: Նախորդ հինգ տարիներուն ռուսական սպառազինութեան արտածման գրեթէ 5 տոկոսը գացած է Ատրպէյճան: Ռուսական մամուլին համաձայն՝ խօսքը 5 միլիառ տոլարի հասնող գործարքներու մասին է:

9 Մայիսին՝ Յաղթանակի տօնին առիթով Իւան Վոլինիք խօսած է նաեւ հայ-ռուսական դարաւոր բարեկամութեան մասին, որ, ինչպէս ինք ըսած է՝ <<չեն կրնան սասանել ներկայիս գոյութիւն ունեցող հարցերը>>:

Պատասխանելով <<Ազատութեան>> այն հարցումին, թէ Ատր-պէյճանին յարձակողական սպառազինութեան մատակարարումները արդեօք չե՞ն ազդեր հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն վրայ՝ դեսպանը ըսած է. <<Կը կարծեմ, այդ հարցը հիմնականին մէջ զգացական է, քան ռազմավարական ու քաղաքական>>։

Լրագրողը դիտել տուած է, որ այդ զէնքով է, որ ատրպէյճանցիները կը կրակեն հայկական կողմին վրայ։ Ռուսիոյ դեսպանը արձագանգած է. <<Կը հասկնամ, բայց մարդիկ կը կրակեն այդ զէնքով, ոչ թէ զէնքը կը կրակէ: Ասոնք տարբեր բաներ են: Ուստի, կը կարծեմ, թէ այդ հարցը լուծելի է այն առումով, որ ուժերուն հաւասարակշռութիւնը կը պահպանուի>>:

 



comments