By Asbarez | Tuesday, 10 May 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Աշխատանքային այցելութեամբ Լեռնային Ղարաբաղ գտնուող Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պաշտօնական պատուիրակութիւնը մասնակցած է Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակին, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման եւ Շուշիի ազատագրման օրուան նուիրուած նախաձեռնութիւններուն:
Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բարձրաստիճան պաշտօնեաները 9 Մայիսի առաւօտեան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն քաղաքացիներու հետ միասին երթով ուղղուած են դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ ու ծաղկեպսակներ զետեղած են Համաշխարհային Բ. պատերազմին եւ Շուշիի ազատագրութեան ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին առջեւ:
Հայաստանի վարչապետը անկէ ետք այցելած է յուշահամալիրի հարեւանութեամբ գտնուող՝ Արցախեան գոյամարտին ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներու եղբայրական գերեզմանատուն, ծաղիկներ զետեղած շիրիմներուն՝ յարգանքի տուրք մատուցելով ազատամարտիկներու յիշատակին:
Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բարձրաստիճան պաշտօնեաները ծաղիկներ զետեղած են նաեւ Շուշիի հրասայլ-յուշարձանին, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ Նելսոն Ստեփանեանի յուշարձաններուն՝ յարգելով անոնց յիշատակը:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին վարչապետը նշած է, որ մայիսեան յաղթանակներուն իբրեւ արդիւնք նաեւ կարելի եղած է աւելի եւս ամրապնդել Հայաստան-Ղարաբաղ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը:
<<Ցանկանում եմ շնորհաւորել ողջ հայ ժողովրդին Եռատօնի առթիւ, մաղթել նորանոր յաջողութիւններ: Մենք պէտք է միշտ լինենք համախմբուած, արդիւնքում անպայման կ՛ունենանք նման յաղթանակներ: Ուստի ամէն ինչ պէտք է անենք ամրապնդելու մեր եռամիասնութիւնը>>, ըսած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդի համախմբումն ու վճռականութիւնը անգամ մը եւս խաղաղութիւն պարտադրեց հակառակորդին:
Աշխատանքային այցելութեամբ Լեռնային Ղարաբաղ գտնուող վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը 8 Մայիսին այցելած է Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծի մարտական յենակէտեր:
Յ. Աբրահամեան ծանօթացած է սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակին, զինուորներուն ընկերային-կենցաղային պայմաններուն, ինչպէս նաեւ մարտական հերթապահութեան առնչուող հարցերու։
Հաղորդագրութեան համաձայն՝ կառավարութեան ղեկավարը զրուցած է զինուորներուն հետ, շնորհակալութիւն յայտնած հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործը պատուով կատարելնուն համար: <<Հայ ժողովուրդը հպարտանում է ձեզնով, որովհետեւ ձեր հերոսութեան, գիտակից եւ պատասխանատու պահուածքի ու քայլերի շնորհիւ հնարաւոր եղաւ կանխել հակառակորդի առաջխաղացումն ու ըստ արժանուոյն հակահարուած տալ: Ձեր քայլերը ոգեւորող են իւրաքանչիւրիս համար, քանի որ մենք գիտակցում ենք, որ ձեր շնորհիւ մեր սահմանները յուսալի պաշտպանուած են. ձեր սխրանքն անգնահատելի է>>, նշած է Աբրահամեան
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ