By Asbarez | Wednesday, 11 May 2016

ՄՈՍԿՈՒԱ - <<Քիլիս քաղաքը կ՛այրի եւ բնակիչները կ՛ապրին խոր վախի ու մտատանջութեան մէջ։ Առեւտրական հաստատութիւնները փակ են, ինչ որ տնտեսական նեղ կացութեան մատնած է զանոնք>>, յայտարարած է Այնթապէն ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան երեսփոխան Աքեֆ Աքըճը:
Ռուսական <<Սփութնիք>> թերթին կատարած իր յայտարարութեան մէջ, Աքըճը Թուրքիոյ սխալ քաղաքականութեան վերագրած է Քիլիսի ապահովական վատթարացած վիճակը:
Նոյն կուսակցութեան Աղեքսանտրէթի շրջանէն երեսփոխան Սարքան Թօփալ յայտարարած է, թէ <<Քիլիսի բնակիչները կը վախնան իրենց տուներէն դուրս ելլելէ, իսկ մանուկները չեն համարձակիր դպրոց երթալ>>:
Ընդդիմադիր երեսփոխանները բուռն կերպով քննադատած են Թուրքիոյ կառավարութեան որդեգրած սխալ քաղաքականութիւնը շրջանին ու յատկապէս Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ: Անոնք յայտնեցին, որ այս հարցը պիտի արծարծեն Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ՝ ընդգծելով, որ այս կառավարութիւնը անզօր է Սուրիոյ հետ իր սահմանամերձ շրջաններուն եւ անոնց բնակիչներուն պաշտպանութիւնը ապահովելու:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ