By Asbarez | Wednesday, 11 May 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ ԵԱՀԿ առաքելութիւնը 11 Մայիսին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծի զօրաւոր դիտարկում պիտի կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտ շրջանի Թալիշ գիւղի հիւսիս–արեւմտեան ուղղութեամբ:
Այս մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը։ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը պիտի կատարէ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը եւ ԵԱՀԿ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից Փեթեր Սուետպրկը (Շուէտ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի ներկայացուցիչ Թոմաս Լենքը (Գերմանիա):
Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցելու դիտարկման կայացման եւ ապահովելու ԵԱՀԿ առաքելութեան անդամներուն անվտանգութիւնը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ