ՄԱԿ կը քննադատէ Թուրքիոյ Քրտաբնակ շրջաններու իրադարձութիւնները

By Asbarez | Thursday, 12 May 2016

0512ZeidRaadAlHussein

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>> - ՄԱԿի մարդկային իրաւանց բարձրագոյն յանձնակատար Զէյտ Ռաատ Հիւսէյն Թուրքիոյ ազդարարութիւն ուղղեց՝ մարդկային իրաւանց հարցին գծով։

Հիւսէյն նախ պախարակեց Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ահաբեկչական արարքները՝ ցաւ յայտնելով պատահած բազմաթիւ մահերուն համար։ Ապա ուշադրութիւն հրաւիրեց Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ընթացքին՝ մարդկային իրաւանց բազմաթիւ բռնաբարումներուն վրայ, եւ ըսաւ. <<Անշուշտ Թուրքիոյ պարտականութիւնն է իր ժողովուրդը բռնարարքներէ պաշտպանել։ Սակայն, երբ ապահովական մարմիններու պատասխանատուները ահաբեկչութեան դէմ գործողութիւններու կը ձեռնարկեն, ապա անոնք պէտք է յարգա՛նք ցոյց տան մարդկային իրաւունքներուն եւ յարգեն միջազգային իրաւակարգը>>։ Ան մտահոգիչ նկատեց յատկապէ՛ս Սիզրէի իրավիճակը։

Հիւսէյն յայտնեց նաեւ, որ դիմում կատարուած է Թուրքիոյ կառավարութեան, որպէսզի ՄԱԿի պատասխանատուները բախումներու շրջաններուն մէջ ականատեսի վկայութիւններ ձեռք բերեն, սակայն Թուրքիա անպատասխան թողած է այս դիմումը։ Անգարա նոյնիսկ չէ արտօնած, որ լրագրողներ մուտք գործեն այդ շրջանները։

 




comments