By Asbarez | Friday, 13 May 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - 25 երկիրներէ 60 ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովէն ետք, 12 Մայիսին Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս տուին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան։
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները ապրիլեան մարտական գործողութիւններու վերսկսումէն ետք մեծ թափով սկսած են ամբողջ աշխարհի մէջ գործունէութիւն ծաւալելու՝ օրակարգի վրայ ունենալով շարք մը հրատապ, առաջնահերթ հարցեր, որոնց մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուող հակահայկական քարոզչութեան դէմ պայքարը: <<Ատր-պէյճան միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսէ մեծ հեղինակութիւն վայելող միջազգային պարբերականներուն միջոցով տեղեկատուական պատերազմին մէջ նախայարձակ ըլլալու համար>>, ըսաւ ան:
Համաժողովին ընթացքին քննարկուած կարեւոր հարցերէն է նաեւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի, օտար պետութիւններու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման հարցը։ Ըստ Տէր Խաչատուրեանի՝ ՀՅԴի միջազգային կառոյցները ջանքեր ի գործ կը դնեն Սփիւռքի հայութիւնը ոտքի հանելու եւ նիւթական միջոցներով հանգանակութիւններ կատարելու ուղղութեամբ, որպէսզի ստեղծուի հիմնադրամ, որ պիտի կարենայ զօրակցիլ հայոց բանակին: <<Պէտք չէ թերագնահատել ատրպէյճանական եւ թրքական այն զանգուածը, որ արտասահմանի մէջ հակահայ գործունէութիւն կը ծաւալէ>>, դիտել տուաւ ան՝ նշելով, որ պէտք է մեծ թափով պայքարիլ ասոր դէմ:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի համաձայն՝ Դաշնակցութեան համար առաջնահերթ է Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հարցը, հիմնական հարց է Արցախի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան համակարգի հզօրացումը, ռազմավարական դաշնակիցի ճշդումը, որպէսզի Արցախի պաշտպանութիւնը աւելի բարձր մակարդակի վրայ ըլլայ:
Վերա Եագուպեան նշեց, որ քննարկուած են նաեւ սուրիահայութեան վերաբերող հարցեր, մանաւանդ Արցախի մէջ սուրիահայերու բնակեցման խնդիրը։ <<Արցախի, նաեւ սահմանամերձ գիւղերուն մէջ սուրիահայերու վերաբնակեցման հարցը կը քննարկուի անոնց հետ, որոնք կ՛ուզեն Արցախ հաստատուիլ, սակայն այդ ընտանիքները մեծ թիւ չեն կազմեր>>, ըսաւ ան՝ նշելով, որ եթէ Սուրիոյ մէջ ճգնաժամը շարունակուի, Արցախ բնակիլ ուզողներուն թիւը ինքնաբերաբար կը բարձրանայ։
Արսէն Համբարձումեան ըսաւ. <<Նկատի ունենալով վերջին իրադարձութիւնները՝ յատուկ շեշտադրում է կատարուել Արցախի պահանջատիրութեան խնդիրներին, դիւանագիտական քաղաքական թղթածրարի պատրաստմանը, սիրիահայերի խնդրին, ջաւախահութեան հարցերին: Շատ կարեւոր է, թէ դիւանագիտական, քաղաքական ճակատի վրայ ինչպիսի պայքար կը կարողանանք մղել: Մարտահրաւէրներն իրօք շատ լուրջ են, համազգային մեր ներուժը մոբիլիզացնելու եւ իրացնելու խնդիր ունենք: Այս հարցերը քննարկուել են Հայաստանի ու Արցախի արտաքին գործերի նախարարների հետ, որ կարողանանք մեր աշխատանքները համադրել եւ համակարգուած հետամուտ լինել Արցախի հարցի միջազգայնացմանը, Հայ դատի միւս բաղադրիչների աշխատանքների իրականացմանը>>: Ան աւելցուց, որ արդիւնքները իրենց սպասեցնել չեն տար:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ