Հակառակորդին կրակոցէն նահատակուած է 20ամեայ զինուոր Արմէն Մարտիրոսեան

By Asbarez | Friday, 13 May 2016


ԵՐԵՒԱՆ, <<Առաւօտ>> - 11 Մայիսին՝ ժամը 19:30էն սկսած, հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, նռնականետներէ եւ ականանետներէ խախտած է կրակի դադրեցման մասին կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը. այս կացութիւնը շարունակուած է նաեւ 12 Մայիս լուսցող գիշերը:

Հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն 11 Մայիսին՝ ժամը շուրջ 20:00ին պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ զոհուած է զինուորական ծառայող, 1996ի ծնունդ Արմէն Հրայրի Մարտիրոսեան:

Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ գրասենեակը յայտնած է, որ կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինուորի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն։

Բանակի սահմանապահները ձեռնարկած են պատասխան գործողութիւններու՝ հակառակորդին աշխուժութիւնը սանձելու համար։

 

comments