By Asbarez | Friday, 13 May 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի կողմէ 18 Ապրիլին կատարուած դասաւորումով, Հայրենիք-Սփիւռք համագործակցութեան զարգացման առումով ունեցած աւանդին համար 12 Մայիսին Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուոյ մետալ շնորհուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակին:
Բարձր պարգեւը ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեանին յանձնած է Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեան, որ շնորհաւորած եւ երախտագիտութիւն յայտնած է Գ. Կարապետեանին ու յանձնախումբի անդամներուն՝ անոնց ծաւալած հայանպաստ ակնառու գործունէութեան համար: Ան բարձր գնահատած է յանձնախումբին կատարած աշխատանքը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, Արցախի միջազգային ճանաչման եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապերու ամրապնդման իմաստով:
Իբրեւ Եւրոպական Խորհուրդի խորհրդարանական վերաժողովին մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ղեկավար՝ Հ. Նաղդալեան յատուկ կերպով շեշտը դրած է այն աջակցութեան վրայ, զոր յանձնախումբը կը ցուցաբերէ եւրոպական միջազգային կառոյցներուն մէջ Հայաստանի ներկայացնող պատուիրակութիւններուն՝ շատ կարեւոր նկատելով այս մէկը:
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի անդամներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնելով Ազգային ժողովի բարձր պարգեւին արժանանալուն համար՝ Գասպար Կարապետեան ընդգծած է, որ իրենք պիտի շարունակեն արդար պայքարը, որպէսզի ճշմարտութիւնը աշխարհին ներկայացուի։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ