<<Հըզպալլա>>ի զինուորական հրամանատարը կը սպաննուի Դամասկոսի Մէջ

By Asbarez | Saturday, 14 May 2016

0513Hezbollah

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ռոյթըրզ>> - Լիբանանեան <<Հըզպալլա>> կուսակցութիւնը Ուրբաթ, Մայիս 13ին յայտարարեց, թէ իր զինուորական հրամանատարը՝ Մուսթաֆա Պետրըտտին, ուժգին պայթումի մը զոհ գացած է Դամասկոսի օդակայանին մօտերը։

Մինչ <<Հըզպալլա>> յայտարարեց, թէ տակաւին հետախուզութիւնները կը շարունակուին՝ բացայայտելու համար ահաբեկչական արարքի պատասխանատուները, Լիբանանի խոր-հրդարանին մէջ <<Հըզպալլա>>ի երեսփոխաններէն Նաուար Սահելի, ինչպէս նաեւ <<Մայատին>> պատկերասփիւռի կայանը կը պնդեն, թէ արարքի պատասխանատուն Իսրայէլն է, որ 2011էն ի վեր, քանի մը առիթներով ռմբակոծած է Սուրիայէն ներս թիրախներ։

55ամեայ հրամանատարը, որ ըստ ամերիկեան տուեալներու՝ Սուրիոյ մէջ <<Հըզպալլա>>ի ռազմական գործողութիւններու պատասխանատուն էր, փեսան էր <<Հըզպալլա>>ի զինուորական նախորդ հրամանատարին՝ Իմատ Մուղնիէին, որ 2008ին ահաբեկուեցաւ դարձեալ Դամասկոսի մէջ։ Այդ ահաբեկչութիւնը եւս վերագրուած էր Իսրայէլի։

 



comments