Ռուսիա լայնածաւալ ռազմական հակամարտութիւններու բռնկում պիտի չարտօնէ. Փութին

By Asbarez | Monday, 16 May 2016



ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Ռուսիա կը ձեռնարկէ ամէն քայլի՝ լայնածաւալ ռազմական հակամարտութիւններու բռնկումին առաջքը առնելու համար. Մայիս 13ին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին՝ ըստ <<ՌԻԱ Նովոսթի>> լրատու գործակալութեան:

<<Ի հարկէ, մենք մեր կողմէ կը ձեռնարկենք բոլոր անհրաժեշտ քայլերուն, որպէսզի պահպանենք ուժերու ռազմավարական հաւասարակշռութիւնը, որ ռազմական հակամարտութիւններու կանխարգիլման ամենակարեւոր երաշխիքն է>>, ըսած է Փութին զինուորական հրամանատարներու հետ խորհրդակցութեանց ընթացքին:

 

comments