By Asbarez | Tuesday, 17 May 2016
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>>.- Գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն երեսփոխան Մուարրեմ Ինճէ խորհրդարանի նիստին ընթացքին ծանր քննադատութիւններ ուղղեց նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին, ու վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի հրաժարականին լոյսին տակ յայտարարեց, թէ Էրտողան մտադիր է վերջին տարիներու կառավարութեան բոլոր սխալները բեռցնել Տաւութօղլուի ուսերուն, եւ պիտի փորձէ նոյնիսկ <<ահաբեկի>>չ որակել Տաւութօղլուն։
Ինճէ յիշեցուց, որ 2013ին, իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչները, խօսելով կառավարութեան ու Ֆեթհուլլահ Կիւլենի միջեւ թշնամութեան մասին՝ զայն կ՛անուանէին <<խառնակչութեան փորձ>>, այսինքն՝ կը պնդէին, թէ Էրտողանի ու Կիւլենի միջեւ ո՛չ մէկ թշնամութիւն կար։
<<Այժմ անոնք նոյնը կ՛ըսեն Տաւութօղլուի ու Էրտողանի միջեւ <<բախում>>ին մասին արտայայտուելու ընթացքին։ Ասոր ճիշդ անունը՝ <<պալատական յեղաշրջում>> է>>, յայտարարեց Ինճէ։
Երսփոխանը նաեւ ըսաւ, որ իշխող կուսակցութեան անդամները կը յենին այն տեսութեան վրայ, թէ <<յանուն բարձրագոյն նպատակի՝ եղբայրասպանութիւնը անհրաժեշտութիւն է>>։
<<Կ՛ուզեմ ազդարարել Տաւութօղլուն. 2008ին կար <<Էրկենեքոն>> ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, ապա յայտնուեցաւ Կիւլենի ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, իսկ այժմ զանոնք պիտի փոխարինէ Տաւութօղլուի ահաբեկչական կազմակերպութիւնը>>, յայտնեց Ինճէ։
<<Էրտողան դիւրութեամբ պիտի դաւաճանէ վարչապետին, որուն պիտի վերագրուին իշխող կուսակցութեան բոլո՛ր ձախողութիւնները՝ սուրիական ճգնաժամէն մինչեւ քրտական տագնապը>>, ամփոփեց ան։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ