By Asbarez | Tuesday, 17 May 2016
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Վերջին օրերուն, ընդհանուր համայնապատկերի մը մէջ կը տեսնուի, թէ դարձեա՛լ պղտոր մթնոլորտ ստեղծուած է Եւրոմիութեան ու Թուրքիոյ միջեւ, եւ այս պարագան դարձեալ վտանգի պիտի մատնէ թուրք քաղաքացիներուն համար առանց այցագիրի Եւրոմիութիւն այցելելու հաւանականութիւնը։
Քաղաքական ապաստանեալներ եւ գաղթականներ ընդունելու տրամադրութեան փոխարէն, Եւրոմիութիւնը խոստացած էր ջնջել այցագիրի դրութիւնը, սակայն անոր համար ալ Թուրքիոյ առջեւ դրած էր զանազան պայմաններ, որոնցմէ յատկապէս մէկը՝ Թուրքիոյ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնքին բարեփոխումը, անընդունելի է Անգարայի համար։
Անցեալ շաբաթ, Եւրոմիութեան գործադիր մարմինը հանդիսացող Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր ըսած էր, որ Եւրոմիութիւնը կարեւոր կը նկատէ այս պայմանը, եւ առանց անոր համաձայնութիւնը պիտի ձախողի։ Իր կարգին, Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերու նախարար Վոլքան Պոզքըր դժգոհութիւն յայտնած էր ու ըսած, որ Թուրքիա չի կրնար փոխել ահաբեկչութեան դէմ պայքարի իր եղանակը։
Նաեւ, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր այս մասին խօսելով ըսաւ. <<Գնդակը այլեւս Թուրքիոյ կողմն է։ Եթէ Թուրքիա իր խոստումները յարգէ, ես ալ կողմնակից կը դառնամ մեր խոստումները յարգելու ու այցագիրի դրութիւնը ջնջելու քայլին>>։
Բոլոր այս <<եթէ>>ները յստակ կերպով յայտնի կը դարձնեն, թէ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար երազ է մօտ օրէն տեսնել այցագիրի պայմանին ջնջումը Եւրոմիութեան կողմէ։ Եունքեր այս գծով եւ Էրտողանին ակնարկելով ըսած էր. <<Ասիկա այլեւս իմ խնդիրը չէ, այլ ի՛ր խնդիրն է>>։
Սակայն, ասիկա ամբո՛ղջ Թուրքիոյ բնակչութեան խնդիրն է, եւ յայտնի է, որ Եւրոպայի դռները դեռ երկար ժամանակ պիտի շարունակեն դժուարութեամբ բացուիլ Եւրոպա այցելել ուզող թուրք քաղաքացիներուն առջեւ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ