By Asbarez | Tuesday, 17 May 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած է <<Քաթար Էրուէյզ>> ընկերութեան գլխաւոր առեւտրական բաժինի տնօրէն Հիւ Տանլեւիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Վարչապետը ողջունած եւ կարեւոր նկատած է քաթարեան օդանաւային ընկերութեան մուտքը հայկական օդանաւորդութեան շուկայ եւ նշած, որ անիկա մեծապէս պիտի նպաստէ Հայաստանի ու Քաթարի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան, որուն մէջ՝ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ յարաբերութիւններու աշխուժացման ու զարգացման:
Նշելով, որ 2013 թուականէն Հայաստանի օդային ոլորտը ազատականացուած է՝ վարչապետը տեղեկացուցած է, որ կառավարութիւնը վերանայած է աւելի քան 20 պետութեան հետ օդային հաղորդակցութեան առնչուող գործող օրէնսդրական դաշտը եւ, ի շարս այլ պետութիւններու, յառաջիկային աւարտին պիտի հասնի նաեւ Չինաստանի հետ համաձայնագիրի վերանայումը. քննարկումներ սկսած են նաեւ Եւրոպական միութեան ընդհանուր օդանաւորդութեան գօտիին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան միանալուն շուրջ:
Իր կարգին, Հիւ Տանլեւի շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի կառավարութեան՝ անոր ցուցաբերած օժանդակութեան համար եւ նշած, որ <<Քաթար Էրուէյզ>>ը պատրաստ է իրականացնելու Տոհա-Երեւան–Տոհա շաբաթական չորսական թռիչք՝ Հայաստանը կապելով աշխարհի աւելի քան 150 քաղաքներու հետ: Ըստ անոր՝ իրենք կը փափաքին յառաջիկային ընդլայնել ընկերութեան գործունէութեան ուղղութիւնները, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ Հայաստանի ու Քաթարի միջեւ փոխշահաւէտ երկարաժամկէտ համագործակցութեան խորացման ու ընդլայնման:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ