Ատրպէյճան, Վրաստան եւ Թուրքիա որոշած են միասնաբար երաշխաւորել քարիւղատարներու ապահովութիւնը

By Asbarez | Wednesday, 18 May 2016

 

0518Turk-Az-Geo

ԵՐԵՒԱՆ - <<Արմէնփրէս>> կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ, Կիրակի, Մայիս 15ին, ատրպէյճանական Կապալա (Կուտկաշէն) քաղաքին մէջ երեք երկիրներու՝ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ երեք երկիրները համաձայնած են միասնաբար երաշխաւորել քարիւղի եւ կազի խողովակաշարերու ապահովութիւնը:

Պաշտպանութեան նախարարները նաեւ յայտարարած են, թէ մտադիր են խորացնել պաշտպանութեան մարզին մէջ եռակողմանի համագործակցութիւնը:

Երեք երկիրներու զինեալ ուժերու մարտունակութիւնը բարձրացնելու համար նպատակայարմար նկատուած է միացեալ ռազմափորձերու իրականացումը, զինուորական կրթութեան մարզին մէջ համագործակցութեան կազմակերպումը եւ համացանցի ապահովութեան մարզին մէջ կապերու զարգացումը:

 



comments