By Asbarez | Wednesday, 18 May 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Ատրպէյճանական <<Թրենտ>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ քարիւղի համաշխարհային գիներու անկումին եւ ատրպէյճանական ազգային դրամանիշ մանաթին արժեզրկուելուն պատճառով տնտեսական խոր ճգնաժամի մէջ յայտնուած Ատրպէյճանը, իր Կեդրոնական դրամատան նախագահ Էլման Ռուսթամովը այս շաբաթասկիզբին ուղարկած է Իրան՝ օգնութիւն խնդրելու Ատրպէյճանի դիմագրաւած ճգնաժամը լուծելու համար։
Ատրպէյճանի մօտ Իրանի դեսպան Մոհսեն Փաք Ային այդ առնչութեամբ յայտնած է, որ երկու երկիրներու Կեդրոնական դրամատուներու նախագահներու հանդիպման օրակարգին վրայ է Ատրպէյճանի եւ Իրանի միացեալ դրամատան ստեղծման շուրջ բանակացութիւններու կայացումը:
Ստեղծուած տնտեսական ծանր վիճակէն դուրս գալու համար, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւս Իրան կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին, Իրանէն դրամ խնդրելու փորձ կատարած էր:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութեան՝ ՍՈՔԱՐի նախագահ Ռովնաք Ապտուլլայեւ յայտարարած է, որ <<Հարաւային կազային միջանցք>> նախագիծի իրականացման համար անհրաժեշտ 10 միլիառ տոլարի ներդրումներէն շուրջ 3 միլիառ տոլարը միայն հայթայթուած է:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ