By Asbarez | Wednesday, 18 May 2016
ՄՈՍԿՈՒԱ - <<Թասս>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ մէջ Արեւմտեան Քիւրտիստանի ներկայացուցիչ Ռոտի Օսման յայտնած է, թէ սուրիացի քիւրտերը Ժընեւի մէջ Մայիս 17ին Սուրիոյ տագնապին լուծման գծով կայացած բանակցութիւններուն մասնակցելու հրաւէր չեն ստացած:
<<Սուրիացի քիւրտերը պատրաստ են պաշտպանելու Ռուսիոյ եւ միջազգային այն ջանքերը, որոնք նպատակաուղղուած են երկխօսութեան ճամբով սուրիական քաղաքական ճգնաժամը լուծելու>>, յայտարարած է ան:
<<Մենք կը գնահատենք Ռուսիոյ դրական վերաբերմունքը, որ կը պնդէ քիւրտերուն եւ սուրիական բոլոր կողմերուն մասնակցութիւնը՝ Սուրիոյ ապագայի քննարկման>>, ըսած է Օսման եւ աւելցուցած. <<Անկարելի է սուրիական ճգնաժամը լուծել առանց երկրի բոլոր ընկերային բաղադրիչներու ներկայացուցիչներուն, ներառեալ՝ քիւրտ ժողովուրդի մասնակցութեան։ Երկրի ապագային մասին քննարկումէն քիւրտերը մեկուսացնելը եւ բանակցութիւններու հոլովոյթէն անոնց բացառումը չեն ծառայեր սուրիական ճգնաժամի լուծման>>, եզրակացուցած է ան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ