By Asbarez | Wednesday, 18 May 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - 16 Մայիսէն 17 Մայիս լուսցող գիշերը ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ հակառակորդը տաբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ ու հետեւակի մարտական մեքենայէ (30 արկ), 60 միլիմեթրանոց ականանետներէ (16 արկ) եւ հաստոցաւոր ինքնազօր նռնականետներէ (32 արկ) կատարած ռմբակոծումներով խախտած է կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնը:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակէն <<Նիուզ>>ի յայտնած են, որ աւելի շատ խախտումներ արձանագրուած են շփման գօտիի հարաւ–արեւելեան (Հադրութ) եւ արեւելեան (Մարտունի) ուղղութիւններով, ուր մարտական յենակէտի մը մէջ նահատակուած է ժամկէտային զինուորական ծառայող, 20ամեայ Խաչատուր Վարդանի Յարութիւնեան:
Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ