Թրքական ուղղաթիռի զգետնումին պատասխանատուութիւնը Ռուսիոյ վրայ բեռցնելու որձ

By Asbarez | Friday, 20 May 2016

0518pkk

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թրքական մամուլին մէջ ուշագրաւ յօդուած մը յայտնուած է Մայիս 13ին, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն կողմէ Թուրքիոյ օդուժի <<Քոպրա>> տիպի ուղղաթիռի զգետնումին վերաբերեալ:

Թրքական <<Վաթան>> թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Թուրքիոյ զինուորական ուժերու յատուկ ստորաբաժանումի պահեստազօրի սպայ ու ապահովական մարզի փորձագէտ Ապտուլլահ Աղար պնդած է, թէ համացանցին վրայ հրապարակուած ուղղաթիռի խոցման տեսանիւթէն պարզ կը դառնայ, որ անիկա զգետնուած է այնպիսի հրթիռով, որմէ օրինակ մը իր ուսին կրած էր անցեալ Դեկտեմբերին Վոսփորի նեղուցով անցնող ռուսական ռազմանաւի տախտակամածին կանգնած զինուոր մը:

Աղար նաեւ նշած է, թէ հրթիռը, որ այժմ յայտնուած է քիւրտ զինեալներու մօտ, բաւակա՛ն արդիական է: Աղար համոզուած է, որ Դեկտեմբերին ռուսական ռազմանաւին վրայ այդ հրթիռին ցուցադրումը անկասկած ուղերձ մը կը պարունակէր:

 



comments