Պապը Հայաստան կ՛այցելէ <<Այց Առաջին Քրիստոնեայ Երկիր>> կարգախօսով

By Asbarez | Friday, 20 May 2016

0520pope1

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Հաստատուած են 24 Յունիսին Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցւոյ քահանայապետ Ֆրանսիս պապին Հայաստան տալիք այցելութեան կարգախօսն եւ լոկօն՝ համապատասխան նկարագրութեամբ:

Կարգախօսը պիտի ըլլայ <<Այց առաջին քրիստոնեայ երկիր>>, իսկ լոկօն նկարագրուած է հետեւեալ ձեւով. <<Անիկա շրջանաձեւ է: Խորապատկերին մէջ կայ Խոր Վիրապի վանքի եւ աստուածաշնչական Արարատ լերան նկարը: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը շուրջ 14 տարի բանտարկուած է Արտաշատի վիրապին մէջ, որուն վրայ հետագային կառուցուած է վանքը: Այնուհետեւ Սուրբ Գրիգորը դարձաւ հայոց ազգի առաջին Հայրապետը, եւ Տրդատ Գ. Մեծ թագաւորին հետ միացեալ ջանքերով քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ հռչակուեցաւ պետական կրօն: Լոկոյին գոյներն են մանուշակագոյնը եւ դեղինը, որոնք կ՛արտացոլացնեն Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ եւ Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պաշտօնական գոյները: Լոկոյին մէջ նաեւ ներառուած են երկու եկեղեցիներուն զինանշանները: Շրջանակի երկայնքով գրութիւնը արտայայտութիւնն է այցելութեան <<Ֆրանսիս պապ. Հայաստան. 24-26 Յունիս 2016>>:

 



comments