Սերժ Սարգսեան Ճօ Պայտընի հետ կը քննէ Արցախի հարցը

By Asbarez | Sunday, 22 May 2016

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուական միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ Մայիս 20ին նախագահ Սերժ Սարգսեան հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի հետ, ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ:

Կողմերը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման ներկայ փուլին վերաբերող խնդիրներ՝ կարեւոր համարելով Վիեննայի մէջ, Մայիս 16ին, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն նախաձեռնութեամբ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն լիարժէք եւ արդիւնաւէտ իրականացումը:

Կողմերը համակարծիք եղած են, որ հիմնախնդիրի կարգաւորումը կարելի կ՛ըլլայ բացառապէս խաղաղ ճամբով՝ ԵԱՀԿ Մինսկի համանախագահութեան միջնորդական ջանքերուն ծիրէն ներս:


comments

Advertisement