Չիլիի խորհրդարանը կը դատապարտէ Արցախի վրայ յարձակումը

By Asbarez | Sunday, 22 May 2016

ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ - <<Աճենսիա Փրենսա Արմէնիա>> լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Չիլիի խորհրդարանը Մայիս 18ին միաձայնութեամբ վաւերացուցած է պատմական բանաձեւ մը՝ դատապարտելով <<Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վրայ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումը>>, որ ոչ միայն կը պախարակէ ատրպէյճանական բռնարարքները, այլեւ գործնականապէս ճանաչում կը շնորհէ Արցախի Հանրապետութեան։

Բանաձեւը, որ ներկայացուած էր երեսփոխան Կուսթաւօ Հասպուն Զելումէի գլխաւորութեամբ եւ շարք մը երեսփոխաններու աջակցութեամբ, կը շեշտէ, թէ Չիլիի խորհրդարանը նեցուկ կը կանգնի խաղաղութեան եւ կոչ կ՛ընէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, որ անմիջապէս վերջ տան Արցախի դէմ զինուորական գործողութիւններուն՝ յարգելով 1994ին ստորագրուած զինադադարի համաձայնութեան պայմանները։

Բանաձեւին մէջ նաեւ կոչ կ՛ըլլայ Չիլիի կառավարութեան, որ հակամարտութեան կողմերը մղէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու՝ բանակցութիւններու միջոցաւ, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի միջնորդութեամբ, <<որպէսզի կարելի ըլլայ առաջքը առնել աննախատեսելի հետեւանքներով յղի շրջանային պայթումի մը>>։

<<Ատրպէյճանի արարքները ոչ միայն յստակօրէն կը խախտեն երկկողմանի եւ միջազգային յարաբերութեանց պայմանները, այլ վտագն կը սպառնան համաշխարհային խաղաղութեան եւ այդ պատճառով ալ պէտք է դատապարտուին միջազգային համայնքին կողմէ, յատկապէս ա՛յն քաղաքացիներուն եւ երկիրներուն կողմէ, որոնք եղբայրական կապեր ունին Հայաստանի հետ>>, յայտարարած է երեսփոխան Կուսթաւօ Հասպուն Զելումէ, որ նախագահն է Հայաստան-Չիլի Բարեկամութեան խմբակին։

Զելումէ աւելցուցած է, թէ բանաձեւի ձախողութեան նպատակով երկրի երեսփոխաններուն վրայ ճնշում բանեցուած է Չիլիի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատան կողմէ, որ անցեալ տարի եւս նման ճնշումներ բանեցուցած էր, սակայն՝ ձախողած, երբ Չիլիի խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով հայութեան կողքին կանգնելու եւ Ցեղասպանութիւնը դատապարտելու բանաձեւ մը վաւերացուց։

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ Ալֆոնսօ Թապաքեան ողջունած է Չիլիի խորհրդարանին այս յանդուգն կեցուածքը։

 


comments

Advertisement