By Asbarez | Tuesday, 24 May 2016
ՔՈՊԱՆԻ, <<Էյ.Փի.>> - Փենթակոնի աղբիւրները հաստատեցին, թէ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ուժերու հրամանատար զօր. Ճոզէֆ Վոթել անցնող շաբաթավերջին հիւսիսային Սուրիա այցելած է՝ հանդիպումներ ունենալով <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ կռուող ամերիկացի զինուորներու եւ քրտական ուժերու հրամանատարներուն հետ։ Վոթել, որ Սուրիա ժամանած էր Իրաքէն, Մայիս 22ին Սուրիայէն Թուրքիա անցած է։
Քրտական կայքերը հաղորդեցին, թէ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան նախագահ Սալեհ Մուսլիմ Քոպանիի գիւղական շրջանին մէջ հանդիպում ունեցած է <<Ուաշինկթընի ղեկավարած միջազգային դաշինքի մէկ ներկայացուցիչին հետ եւ համաձայնութիւն գոյացուցած 12,000 զինեալներու մասնակցութեամբ՝ Ռաքքայի դէմ զինուորական գործողութեան մը շղթայազերծման շուրջ>>: Մինչ այդ, քրտական ուժերը վերատիրացան Ռաքքայէն շուրջ 45 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք գտնուող Հայշա գիւղին:
Միւս կողմէ, իրանեան կիսապաշտօնական <<Ֆարս>> լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Մայիս 22ին Թուրքիոյ զինուած ուժերէն որոշ ստորաբաժանումներ դարձեալ մուտք գործած են Սուրիոյ տարածք, Գամիշլի քաղաքին մօտ գտնուող սահմանային անցքէն: Յայտնենք, որ Գամիշլիի մէջ վերջերս 5 քաղաքացիներ սպաննուած էին եւ 20 ուրիշներ վիրաւորուած, երբ քաղաքի կեդրոնը ճաշարանի մը մէջ անձնասպանական գործողութիւն տեղի ունեցաւ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ