By Asbarez | Tuesday, 24 May 2016
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ամբաստանուած երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը ջնջելու նպատակով անցեալ շաբաթ կատարուած քուէարկութեան գլխաւոր թիրախները, անշուշտ, քրտամէտ կուսակցութեան անդամներն են, որոնց համանախագահներն անգամ այժմ դատարան կանչուելու վտանգին պիտի ենթարկուին։
Բանաձեւի վաւերացումէն ետք իսկ, անոնք ասպարէզ կարդացին ու պնդեցին, թէ բուն պայքարը նո՛ր պիտի սկսի։
Համանախագահ Ֆիկեն Եուքսեքտաղ ըսաւ, որ տեղի ունեցածը պետական հարուածի քաղաքականութեան վերջին արարն էր, իսկ միւս համանախագահը՝ Սալահետտին Տեմիրթաշ, ըսաւ, թէ քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխանները կամաւոր կերպով դատարան պիտի չերթան։ <<Թող զանոնք ձերբակալելու կամ բռնի ուժով տանելու որոշումներ առնեն>>, աւելցուց ան։ Տեմիրթաշ նշեց, թէ խորհրդարանի որոշումին դէմ դիմում պիտի կատարուի Սահմանադրական ատեանին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ