Թուրքիա 3000էն առաջ չի կրնար մաս կազմել Եւրոմիութեան. Քեմրըն

By Asbarez | Tuesday, 24 May 2016

ԼՈՆՏՈՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Այս օրերուն, երբ գաղթականներու հարցի խորապատկերին վրայ օրակարգի բերուած են Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան բանակցութիւններն ու եւրոպական ընտանիքին կողմէ պահանջուած բարեփոխումները, Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քեմրըն յայտարարեց, թէ Թուրքիա 3000 թուականէն առաջ չի կրնար մաս կազմել Եւրոմիութեան։ Քեմրըն այս յայտարարութիւնը կատարեց Յունիս 23ին, Եւրոմիութեան անդամակցութեան հարցով կայանալիք հանրաքուէի քարոզչական արշաւին ընթացքին։ Ան, որ կողմնակից է Բրիտանիան Եւրոմիութեան կազմէն ներս պահելու գաղափարին, այս պնդումով կը հակադարձէր պաշտպանութեան փոխնախարար Փենի Մորտոնթի խօսքերուն։ Մորտոնթ քանի մը օր առաջ ըսած էր, թէ Թուրքիա յառաջիկայ ութ տարիներուն ընթացքին պիտի անդամակցի Եւրոմիութեան, իսկ Բրիտանիա ոչինչ պիտի կարենայ ընել՝ այդ անդամակցութեան արգելք ըլլալու համար։

<<Եւրոմիութենէն դուրս գալու արշաւի ներկայացուցիչները կը փորձեն մոլորեցնել ժողովուրդը>>, ըսաւ Քեմրըն եւ աւելցուց, որ Բրիտանիա, ինչպէս Եւրոմիութեան որեւէ երկիր, իրաւունք ունի այլ երկիրի մը անդամակցութիւնը կասեցնելու։

 

comments