By Asbarez | Tuesday, 24 May 2016
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արմէնփրէս>> - Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան 23 Մայիսին գլխաւորած է խորհրդակցութիւն մը՝ պաշտպանութեան բանակի եւ շրջանային վարչական կազմերու միջեւ աշխատանքներու համադրման առնչուած շարք մը հարցեր քննարկելու նպատակով:
Վարչապետը կարեւոր նկատած է կառավարման ամբողջ համակարգի աշխատանքներու համապատասխանելիութիւնը պաշտպանութեան բանակի գործունէութեան, որպէսզի հայրենիքի անվտանգութեան ապահովումը արդիւնաւէտօրէն կատարուի: Քննարկելով հայրենիքի պաշտպանութեան մէջ ներառուած կամաւորներուն ֆինանսական աջակցութիւն տրամադրելու հարցը՝ գործադիրի ղեկավարը շեշտած է, որ կառավարութիւնը կարելին պիտի ընէ կամաւորներուն ընտանիքներուն միջեւ ընկերային լարուածութենէ խուսափելու ուղղութեամբ: Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են այլ հարցեր եւս, որոնք կը վերաբերին պաշտպանութեան բանակի թիկունքային աշխատանքներուն: Վարչապետ Յարութիւնեան շարք մը յանձնարարականներ տուած է պաշտպանութեան նախարարին եւ վարչական կազմերու ղեկավարներուն՝ ընդունուած որոշումներու պատշաճ գործադրութեան նպատակով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ