By Asbarez | Wednesday, 25 May 2016
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՊԵՐԼԻՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր, անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ վաւերացուած այն որոշումին, որ կ՛արտօնէ ամբաստանուած երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ զրկել, յայտնած է, թէ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը կը գտնուի քայքայուելու ընթացքի մէջ: <<Եթէ այս փոփոխութիւնը յանգեցնէ քաղաքական քննարկումներու կրճատման, ապա Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը պիտի քայքայուի>>, նշած է Թոնըր:
Ըստ անոր՝ Միացեալ Նահանգները մտահոգ է, որ այս որդեգրուած որոշումը կրնայ բացասաբար ազդել Թուրքիոյ տարածքին մէջ խօսքի ազատութեան վրայ։
Իր կարգին, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել խոր մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ մէջ կարգ մը զարգացումներու շուրջ, յատկապէս ակնարկելով Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ մեծաթիւ ընդդիմադիր երեսփոխաններու անձեռնմխելիութեան ջնջումին, որ յատկապէս թիրախ կը դարձնէ քրտամէտ կուսակցութեան անդամները:
<<Մենք հրապարակային եւ դռնփակ հանդիպումներու ընթացքին միշտ սեղանի վրայ պիտի դնենք որեւէ երկրի զարգացման զգայուն կողմերը>>, ըսաւ ան՝ ընդգծելով, որ ուշադրութեամբ կը հետեւի, թէ Թուրքիա ինչպէ՛ս կը գործադրէ իր ստանձնած յանձնառութիւնները:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ