By Asbarez | Wednesday, 25 May 2016
ՊԵՐԼԻՆ -<<Տէօչէ Վելլէ>>ն կը գրէ, թէ Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպման նախօրեակին քննադատած է Անգարան: Արդարեւ, Շուլց յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ <<եւրոպական արժէքներէն կտրուկ հեռացում>> կը նկատուի։
<<(Գերմանիոյ) վարչապետը, ինչպէս նաեւ եւրոպական այլ կառավարութիւններու ղեկավարներ պէտք է Թուրքիոյ նախագահին յստա՛կ ըսեն, որ անոր քաղաքականութիւնը չի համապատասխաներ եւրոպական հիմնարար արժէքներուն եւ չի նպաստեր Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններուն, այդ անդամակցութիւնը փաստացի կերպով անկարելի դարձնելով>>, յայտարարած է Շուլց:
Եւրոխորհրդարանի նախագահին կարծիքով՝ <<կը բանեցուի աննախադէպ քաղաքական ճնշում, որուն ազդեցութեան տակ՝ խորհրդարանը երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ զրկելու մասին որոշում վաւերացուցած է>>:
Ան աւելցուցած է, թէ այս ընթացքով, Թուրքիա Էրտողանի գլխաւորութեամբ մենատիրական պետութեան պիտի վերածուի:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ