By Asbarez | Wednesday, 25 May 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 23 Մայիսին ընդունած է ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի Հարաւային Կովկասի հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Քրիսթիան Վիկենինը: Ողջունելով հիւրը՝ նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ ԵԱՀԿի դերակատարութիւնը որպէս համաեւրոպական անվտանգութեան ոլորտի կարեւոր կազմակերպութիւն եւ մասնակից երկիրներուն միջեւ իրաւահաւասար երկխօսութեան կարեւորագոյն հարթակ: Ըստ անոր՝ ԵԱՀԿ խորհրդարանական ձեւաչափը համագործակցութեան եւ երկխօսութեան լայն կարելիութիւն կը ստեղծէ խորհրդարանականներուն միջեւ կապերու, համագործակցութեան կարելիութիւնները օգտագործելու՝ ի նպաստ անվտանգութեան եւ ժողովուրդներու երկխօսութեան խրախուսման: Սերժ Սարգսեան վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ Քրիսթիան Վիկենինի ունեցած հարուստ փորձառութիւնը՝ որպէս պատգամաւորի, նաեւ որպէս Պուլկարիոյ կառավարութեան նախկին անդամի, կարելիութիւն պիտի տայ իրեն վստահուած հարցերուն մօտենալու շատ աւելի համապարփակ կերպով:
Քրիսթիան Վիկենին նախ շնորհաւորած է Հայաստանի նախագահը՝ Վիեննայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ կատարուած կարեւոր քայլին գծով՝ նշելով, որ մնայուն խաղաղութեան հասնելու համար տակաւին անհրաժեշտ է շատ ջանքեր գործադրել: Այս իրավիճակին մէջ, ըստ ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի յատուկ ներկայացուցիչին, վերաժողովը իր դերակատարութիւնը կը տեսնէ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն օժանդակելու մէջ: <<Կը վերահաստատեմ, որ ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովին համար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը խաղաղ ուղիով լուծելէ բացի, այլ տարբերակ գոյութիւն չունի, եւ մենք ամբողջութեամբ կը սատարենք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն գործունէութեան>>, եզրափակած է ան։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ