Հենրիխ Մխիթարեան միացած է Արցախի աջակցութեան դրամահաւաքին

By Asbarez | Friday, 27 May 2016



ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս-Արցախփրէս>> - Պերլինաբնակ Անդրանիկ Ասլանեան իր ընկերներուն՝ Տիգրան Մնացականեանի (Լոնտոն), Արման Բալայեանի եւ Մխիթար Օգանեսեանի հետ, Արցախին աջակցելու նպատակով դրամահաւաքի նախաձեռնած է:

Արցախին օգնելու պատրաստակամութիւն յայտնած եւ այս առումով էական ներդրում ունեցած է գերմանական <<Պորուսիա Տորթմունտ>>  ակումբի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան:

Դրամահաւաքին միացած են նաեւ մոսկուայաբնակ գործարարներ Յովհաննէս եւ Վահէ Պարազեան եղբայրները, որոնք կրկնապատկած են հանգանակուած գումարը: Արցախին ցուցաբերուող օգնութեան մասնակցած են հայեր տարբեր երկիրներէ, ինչպէս նաեւ օտարներ, որոնց կարգին նաեւ գերմանաբնակ եզիտիներ: Հանգանակած գումարով ձեռք բերուած նիւթական արժէքներն ու ապրանքները պիտի օգտագործուին Արցախի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ապահովման համար:

<<Արցախփրէս>>ի հետ զրուցելով՝ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ բարձր կը գնահատեն կազմակերպիչներուն, ինչպէս նաեւ հայրենիքով մտահոգ բոլոր նուիրատուներուն ջանքերն ու նախաձեռնութիւնները։

 

comments