Շարք մը վիճայարոյց հարցեր քննուած են Մերքել-Էրտողան հանդիպման ընթացքին

By Asbarez | Friday, 27 May 2016

 

0526erdo merkel

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Գերմանական <<Տոյչէ Վելլէ>> մանրամասնութիւններ հաղորդած է շաբաթասկիբը տեղի ունեցած Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ Պոլսոյ հանդիպման մասին՝ նշելով, որ քննարկուած են վիճայարոյց հինգ հարցեր։

Առաջինը եղած է Եւրոմիութեան ու Թուրքիոյ միջեւ գաղթականներու հարցը։ Մերքել շեշտած է, թէ Անգարա պէտք է կատարէ Եւրոմիութեան սահմանած բոլոր պայմանները՝ իր քաղաքացիներուն՝ առանց մուտքի արտօնագիրի (վիզա) Եւրոմիութիւն այցելելու իրաւունքը ապահովելու համար։ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէն զրկելու օրինագիծը եւս վիճելի հարց մը եղած է հանդիպման ընթացքին եւ քննադատուած է Մերքելի կողմէ։

Յաջորդ խնդրայարոյց նիւթը եղած է Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան խիստ սահմանափակումները, ինչպէս նաեւ՝ գերմանացի հաղորդավար Եան Պեհերմանի քննադատական բանաստեղծութիւնը՝ նուիրուած Էրտողանի։

Վերջապէս, վիճայարոյց հարց եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, որ Յունիս 2ին պիտի քննուի Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ։

Միւս կողմէ, Էրտողան Մայիս 24ին դարձեալ ասպարէզ կարդաց Եւրոմիութեան, նշելով, որ Եւրոմիութիւնը չի կրնար նախապայմաններ թելադրել Թուրքիոյ՝ առանց արտօնագիրի ճամբորդելու հարցին շուրջ։ Ան նաեւ ցաւ յայտնեց, որ գաղթականներու գծով Եւրոմիութեան խոստացած գումարները չեն յանձնուած եւ ազդարարեց, որ եթէ վիզայի դրութիւնը չվերցուի, Թուրքիա պիտի չվաւերացնէ Եւրոմիութենէն գաղթականները ետ ընդունելու մասին օրինագիծը։

 



comments

Advertisement