By Asbarez | Friday, 27 May 2016
ԱՆԳԱՐԱ, <<Անատոլու>> - Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան եւ Թուրքիոյ բանակին միջեւ շարունակուող բախումները Հինգշաբթի, Մայիս 26ին առնուազն 4 զոհ եւս խլեցին երկրի ապահովական ուժերու շարքերէն։
Արդարեւ, Մարտին նահանգի Միտիաթ գաւառակի Անըթլը գիւղի պահականոցին առջեւ տեղի ունեցած ռումբերով բեռցուած կառքի մը պայթումին հետեւանքով, առնուազն զինուոր մը եւ գիւղի պահակազօրքէն երկու անդամներ սպաննուեցան, իսկ 9 ուրիշներ վիրաւորուեցան։ Կը կարծուի, թէ յարձակումը իրականացնող երկու զինեալները մահացած են յարձակումին ընթացքին։
Աւելի ուշ, Տերսիմ նահանգի Օվաչըք շրջանին մէջ, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալները կրակ բացած են բանակային դիրքի մը վրայ, եւ իբրեւ հետեւանք՝ սպաննուած է առնուազն զինուոր մը, ու վիրուորուած են երկու ուրիշներ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ