Պահչելի պարտադրաբար կ՛ընդունի արտակարգ ընդհանուր ժողով կայացնելու որոշումը

By Asbarez | Friday, 27 May 2016

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելի, որ կ՛ընդդիմանար կուսակցութեան շարքերէն ներս ստեղծուած ընդդիմադիր շարժումին ու կը մերժէր անոնց պահանջած՝ արտակարգ ընդհանուր ժողով կայացնելու եւ նոր կուսակցապետ ընտրելու քայլերուն, պարտադրաբար ընդուած է արտակարգ ժողով մը կայացնելու որոշումը, որովհետեւ վերին դատարան մը հաստատած է նախապէս ուրիշ դատարանի մը կողմէ այդ ժողովը կայացնելու մասին տրուած վճիռը։ Պահչելի, որ դիմած էր վերին դատարան, կ՛ակնկալէր, որ անիկա ջնջէ նախորդ դատարանին որոշումը, բայց այդպէս չպատահեցաւ։

Փոխկուսակցապետ Սեմիհ Եալչըն պաշտօնապէս հաղորդեց, թէ Պահչելի պիտի յարգէ վերին դատարանին որոշումը, եւ ժողովը հաւանաբար պիտի կայանայ Յունիս 26ին կամ Յուլիս 10ին։

Այս որոշումը բախտորոշ պիտի ըլլայ կուսակցութեան համար։ Պահչելիի ընդդիմադիրները, գլխաւորութեամբ՝ Մերալ Աքշեների, շատ ուժեղ կը զգան։ Քիչ ժամանակ մնաց տեսնելու համար, թէ այս ազգայնապաշտ ու <<Գորշ գայլեր>>ու կուսակցութիւնը դէպի ո՞ր ուղղութեամբ եւ որո՞ւ ղեկավարութեան ներքեւ պիտի շարունակէ իր ճամբան։

 

comments

Advertisement