By Asbarez | Friday, 27 May 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - 2 Յունիսին Փարիզի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում պիտի ունենայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի նախագահներուն հետ։ Այս մասին յայտնած է ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք, որ նաեւ տեղեկացուցած է, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումը պիտի կայանայ 31 Մայիսին Պրիւքսէլի մէջ։
Մինչ այդ, նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 26 Մայիսին Ազգային ժողովին մէջ պատգամաւորներուն հարցումներուն պատասխանելով ըսած էր, որ յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու առանձին հանդիպումները՝ առանց նշելու հանդիպման վայրն ու ժամը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ