Հալէպի <<Վերժին Կիւլպէնկեան>> հիւանդանոցը, այժմու ծերանոցը, ռմբակոծուեցաւ. Զոհուեցաւ Հայուհի մը

By Asbarez | Saturday, 28 May 2016

0528aleppo

<<ԳԱՆՁԱՍԱՐ>> - Երկու օրէ ի վեր զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը ռմբակոծեն Նոր Գիւղը, յատկապէս <<Վերժին Կիւլպէնկեան>> մայրանոցը՝ այժմու Հայ Ծերանոցը։

27 Մայիսին հրթիռ մը ինկած է Ծերանոցի շէնքին վրայ, որուն պատճառով զոհուած է Ծերանոցի ծառայողական պաշտօնեաներէն Մարալ Քիւլլիկեան։ Վիրաւորուած են երկու հայորդիներ՝ Զարեհ քհնյ. Շաքարեան եւ ծերանոցի խնամակալ Ժագ Հատտատ։ Վիրաւորներուն վիճակը մտահոգիչ չէ։ Կառոյցը լուրջ վնասներ կրած է վերջին օրերու ռմբակոծման իբրեւ հետեւանք։

Դէպքերէն անմիջապէս ետք, Նոր Գիւղի հայ տղաքը փութացած են օգնութեան։ Այժմ ապահովական նկատառումներով Ծերանոցի մամիկներն ու պապիկները տեղափոխուած են  շէնքի ներքնայարկը։

 



comments