By Asbarez | Saturday, 28 May 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրես>> - ԵԱՀԿի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Իլքա Քանեւրա եւ ԵԱՀԿի ժողովրդավարական հիմնարկներու եւ մարդկային իրաւունքներու գրասենեակի տնօրէն Մայքըլ Ճորճ Լինք մտահոգութիւն յայտնած են Թուրքիոյ խորհրդարանին վաւերացուցած սահմանադրական այն փոփոխութեան գծով, որ կը ջնջէ անձեռնմխելիութիւնը այն երեսփոխաններուն, որոնց դէմ հետաքննութիւն բացուած է:
Քանեւրա ընդգծած է, որ երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը կը հանդիսանայ ազատ գործելու երաշխիք, մինչդեռ ատոր ջնջումը պիտի վտանգէ Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւններու առողջ տարանջատման՝ վնաս հասցնելով երկրի խորհրդարանական կեանքին մէջ բազմակարծութիւն ապահովելու ջանքերուն:
<<Թուրքիա, ԵԱՀԿի 56 երկիրներուն հետ, պարտաւորուած է աջակցիլ քաղաքական բազմակարծութեան եւ անհրաժեշտ օրէնսդրական երաշխիքներ տրամադրել քաղաքական կուսակցութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն, որպէսզի անոնք հաւասար հարթակներու վրայ կարենան մրցիլ իրարու դէմ: Մենք Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը յորդորենք տէր կանգնիլ այս յանձնառութեան>>, նշած է Լինք:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ