Հայատան 7-1 պատմական յաղթանակ արձանագրեց Կուաթեմալայի դէմ

By Asbarez | Monday, 30 May 2016

soccer

ՔԱՐՍԸՆ - Մայիս 28ի երեկոյեան, Հայատան ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 7-1 արդիւնքով պատմական յաղթանակ մը արձանագրեց Կուաթեմալայի ազգային հաւաքականին դէմ, Քարսըն քաղաքի <<ՍթապՀապ>>  մարզադաշտին վրայ։

Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան անկախութեան 98ամեակին նուիրուած մրցումէն առաջ ներկաները վայելեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր, որմէ ետք կատարուցան Միացեալ Նահանգներու, Կուաթեմալայի եւ Հայաստանի քայլերգները։ Հայաստանի քայլերգը երգեց Մարիէթ Սիւտճեանը։

Հայաստան աշխուժ խաղարկութեամբ սկսաւ մրցումը, սակայն ազատ հարուածով մը Կուաթեմալայի խմբապետ Քարլոս Ռուիզ նշանակեց մրցումին առաջին կօլը։

Հայաստան հակադարձեց եւ 38րդ վայրկեանին Հենրիխ Մխիթարեան նշանակեց հաւասարութեան կօլը, շնորհիւ Էդգար Մանուչարեանի փոխանցումին: 45րդ վայրկեանին դերերը շրջուեցան եւ Մխիթարեանի փոխանցումին շնորհիւ Մանուչարեան նշանակեց Հայաստանի 2րդ կօլը։

Երկրորդ կիսախաղը աւելի հարուստ եղաւ կօլերով։ Արդարեւ, 49րդ վայրկեանին Գեղամ Կադիմեան գլուխով նշանակեց կօլ մը, Մանուչարեանէն հոյակապ փոխանցում մը ստանալով,  իսկ չորրորդ եւ մրցումին ամենագեղեցիկ կօլը նշանակեց  Հենրիխ Մխիթարեան, 59րդ վայրկեանին։  Մխիթարեան 69րդ վայրկեանին ամբողջացուց իր <<հեթ թրիք>>ը: Հայաստանի վերջին երկու կօլերը նշանակեցին Արթուր Սարգիսով եւ Զաւէն Բադոյեան, շնորհիւ  Մխիթարեանի փոխանցումներուն:

Աւարտին, Քարսընի քաղաքը բաժակ մը յանձնեց Հայաստանի հաւաքականին։

Յաղթանակը մեծագոյնն էր Հայաստանի համար եւ յատկանշական է, որ ՖԻՖԱի աղիւսակին մէջ Կուաթեմալա կը գրաւէ 89րդ դիրքը, իսկ Հայաստան՝ 110րդը:

Հայաստան Յունիս 1ին պիտի մրցի Սալվատորի հաւաքականին դէմ, նոյն մարզադաշտին վրան։

 

 

 

 


comments

Advertisement