By Asbarez | Wednesday, 01 June 2016
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ըսաւ, որ իր երկիրը կը փափաքի բարելաւել Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները, բայց Թուրքիոյ կողմէ դրական որեւէ քայլ չի գար այս ուղղութեամբ։
Ինչպէս յայտնի է, Թուրքիոյ ու Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները անցեալ տարի վատթարացան, երբ թրքական կողմը Սուրիոյ սահմանին վրայ վար առաւ ռուսական ռազմական օդանաւ մը։
Նախագահ Փութին, որ շաբաթավերջին Յունաստան այցելած էր, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանելով Թուրքիոյ կողմէ վար առնուած օդանաւին մասին հարցումի մը՝ ըսաւ. <<Անոնք միայն օդանաւը վար չառին, այլեւ սպաննեցին օդաչուն։ Ասիկա միջազգային օրէնքով պատերազմական յանցագործութիւն է։ Այս նիւթին շուրջ լուսաբանութիւններ տրուեցան, բայց ներողութիւն չխնդրուեցաւ մեզմէ։ Մենք կ՛ուզենք բարելաւել մեր յարաբերութիւնները։ Մենք չէինք յարաբերութիւնները խանգարողները։ Խօսքը բաւարար չէ, պէտք է յստակ քայլերու դիմել։ Երկիրներուն միջեւ կապեր պահելու զանազան ձեւեր կան։ Մենք հիմնական քայլի մը կը սպասենք, բայց ներկայիս որեւէ քայլ չկայ>>։
Արձագանգելով Ռուսիոյ նախագահի յայտարարութեան՝ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու առաջարկեց ռուսական կողմին հետ ձեւաւորել աշխատանքային համատեղ խումբ մը, որ պիտի քննարկէ այն քայլերը, զորս Ռուսիա կ՛ակնկալէ Թուրքիայէն։ Չաւուշօղլու ըսաւ. <<Այդ խումբին անդամները թող երկխօսութիւն հաստատեն, ծրագիրներ առաջարկեն անհրաժեշտ քայլերու մասին, հասարակաց ճամբայ մը մշակելու նպատակով>>։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ